Թուրքիա Կը Հերքէ, Թէ Եգիպտոս Կը Մերժէ Էրտողանին Կազա Այցելելու Արտօնութիւն Տալ

Անգարա հերքեց լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած այն լուրը, թէ Եգիպտոսի իշխանութիւնները կը մերժեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին Կազա այցելելու արտօնութիւն տալ:

Ըստ եգիպտական լրատուութեան մը, որ նաեւ հրապարակուած էր իսրայէլեան մամուլին մէջ, եգիպտական իշխանութիւնները կը մերժեն Եգիպտոսէն Կազա անցնելու առնչութեամբ Էրտողանին արտօնութիւն տալ` իբրեւ բողոք Մոհամետ Մուրսիի իշխանութենէն հեռացման նկատմամբ անոր բուռն քննադատութիւններուն եւ այն խօսքին, թէ Մուրսի տակաւին Եգիպտոսի նախագահն է:

Թուրք պաշտօնատար մը «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին յայտնած է, որ լրատուութիւնը ճշմարտութեան չի համապատասխաներ: Ան նշած է, որ Անգարա Գահիրէէն այդպիսի տեղեկութիւն մը չէ ստացած:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ Եգիպտոսի տագնապը լուծելու համար տարբեր կողմերու հետ խօսիլ` նշելով, որ երկրին տագնապին վերջ տալու համար նախ եւ առաջ հեռացուած նախագահ Մոհամետ Մուրսի եւ Իսլամ եղբայրներու անդամները պէտք է ազատ արձակուին:

Ան ըսաւ, որ պէտք է եգիպտական քաղաքական բոլոր ուժերը ներառող քաղաքացիական ճամբու նոր քարտէս մը պատրաստուի: «Այդ ծիրին մէջ մենք միջազգային դերակատարներու հետ սերտ կապի մէջ ենք», նշեց ան` աւելցնելով, որ «Թուրքիա ջանք կը թափէ (Եգիպտոսի մէջ) դէպի ժողովրդավարութիւն վերադարձի համար` կապի մէջ մնալով (Եգիպտոսի մէջ) բոլոր կողմերուն հետ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )