Եգիպտոսի Նախագահութիւնը Տագնապի Լուծման Միջազգային Ջանքերուն Ձախողութիւնը Կը Յայտարարէ

Պարատէյիի եւ Պըրնզի հանդիպումէն պահ մը

Եգիպտոսի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ Իսլամ եղբայրներուն հետ տագնապը լուծելու միջազգային ջանքերը ձախողած են` նշելով, որ այդ ջանքերը սկսան աւելի քան տասը օր առաջ` եգիպտական կառավարութեան ամբողջական հաւանութեամբ եւ համակարգումով, իսկ կառավարութիւնը զայն արտօնեց հաւատալով, որ պէտք է բոլոր առիթները տրուին Իսլամ եղբայրներն ու անոնց համակիրները մղելու բռնարարքները մերժելու, արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ եգիպտական հասարակութեան երթեւեկի խանգարումէն ու ապագան պատանդ բռնելէ ետդարձ կատարելու:

Նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ այդ ջանքերը սպասուած արդիւնքը չտուին, հակառակ եգիպտական կառավարութեան ամբողջական աջակցութեան` աւելցնելով, որ Եգիպտոս միշտ պիտի ողջունէ այդ կողմերուն ջանքերը եւ պիտի գնահատէ «ճամբու քարտէս»-ին ու ժողովրդավարական փոխանցումի ամրապնդման զօրակցող անոնց կեցուածքները:

«Իսլամական նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հեռացումէն ետք, բանակին կազմած փոխանցման կառավարութիւնը Իսլամ եղբայրները պատասխանատու կը նկատէ այս ջանքերուն ձախողութեան», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը:

Աւելի ուշ, նախագահութիւնը եգիպտացի ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ուրբաթ օր յեղափոխական օրինականութիւնը պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աջակցելու համար ցոյց կատարելու:

«Մասրի Եոմ» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ առաւօտեան Եգիպտոսէն մեկնած է Գերմանիա:

Եգիպտոսի նախագահութեան մօտիկ աղբիւր մը երէկ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած էր, որ Եգիպտոսի մէջ միջազգային միջնորդութիւնը անելի մատնուելու եզրին կը գտնուի, որովհետեւ Իսլամ եղբայրները իրենց բոլոր ղեկավարներուն համար Եգիպտոսէն ապահով ելք եւ Մուրսիի համար «պատուաւոր ելք» մը կը պահանջեն, իսկ զօր. Սիսի այդ պահանջը կտրուկ կերպով կը մերժէ:

Ըստ բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթին, կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիա եգիպտական տագնապը լուծել փորձելու նպատակով Մուրսիի համար ապաստան տրամադրել առաջարկէ:

Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդական Ահմետ Մուսլումանի յայտարարեց, որ ամերիկացի հանրապետական ծերակուտականներ Ճոն ՄքՔէյն եւ Լինտսի Կրեմ, որոնք ծանօթ են իրենց ծայրայեղական կեցուածքներով, իրենք իրենց արտօնած են միջամտել Եգիպտոսի ներքին գործերուն:

«ՄքՔէյնի յայտարարութիւնները մտածուած չեն, անոնք ամբողջովին կը մերժուին Եգիպտոսի կողմէ, որովհետեւ կը խեղաթիւրեն իրական փաստերն ու իրադարձութիւնները», ըսաւ Մուսլումանի` աւելցնելով, որ եգիպտական կողմը այդ յայտարարութիւնները կ՛ուսումնասիրէ եւ «իրաւունք կը վերապահէ համարժէք պատասխան տալու անոնց»:

Ան յայտնեց, որ միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք փողոց դուրս եկած էին, ՄքՔէյնի նման մարդոց յայտարարութիւններուն կարիքը չունին, որպէսզի ապացուցեն, որ ատիկա իրական յեղափոխութիւն էր:

ՄքՔէյն իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղած էր ազատ արձակելու Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները, յարգելու մարդու իրաւունքները եւ պաշտպանելու խաղաղ ցոյցերու իրաւունքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )