450 Քիւրտերու Սպանութեան Հարցով. Լաւրով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտելու Սուրիոյ Մէջ Զանգուածային Սպանութիւնները

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց դատապարտելու ահաբեկչական արարքներն ու զանգուածային սպանութիւնները խաղաղ բնակիչներու, մասնաւորաբար Սուրիոյ քիւրտերուն:

«Այդ սպանութիւններուն անհրաժեշտ է անյապաղ վերջ տալ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է վճռականօրէն դատապարտէ բոլոր ահաբեկչական գործողութիւնները եւ այդ դիրքորոշումը պահպանելու հարցին մէջ հետեւողական պէտք է ըլլայ», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ զինեալները հրահրելը միայն օգուտ կը բերէ ահաբեկիչներուն, որոնք կ՛ուզեն հանրապետութեան տարածքին մէջ իսլամական խալիֆայութիւն ստեղծել:

«Եթէ մենք ամէն ինչ ինքնահոսի ձգենք եւ շարունակենք հրահրել ընդդիմութիւնը, որպէսզի ան դուրս չգայ վարչակարգը տապալելու ընթացքէն, ապա սուրիական կառավարական բանակն ու այսպէս կոչուած` Սուրիական ազատ բանակը պատերազմի մէջ պիտի հիւծին: Ատիկա ձեռնտու պիտի ըլլայ Ժապհաթ Նուսրային եւ այլ ահաբեկիչներուն, որոնք չեն թաքցներ, որ նպատակ ունին Սուրիոյ մէջ խալիֆայութիւն ստեղծել», ըսաւ Լաւրով:

Յիշեցնենք, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սպաննուած էին 450 քիւրտ խաղաղ բնակիչներ, որոնցմէ աւելի քան 100-ը երեխաներ էին: Այդ զանգուածային մահապատիժին ետին կանգնած էին ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներ:

Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային  պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալներ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ ճակատումներէ ետք գրաւած են Ռաքքայի մէջ Թել Ապիատի արեւմուտքը գտնուող Սուսեք գիւղը:

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը Սուրիոյ տագնապին լուծման համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մեծ յոյս չի կապեր:

Ան յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը որոշած է այդ խորհրդաժողովին մասնակցիլ` ընդառաջելով Սուրիոյ բարեկամներուն փափաքին:

Հալքի ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ լուծումը սուրիացի ժողովուրդին ձեռքն է` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յայտարարած նախաձեռնութեան ծիրին մէջ»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Ասատի յայտարարած քաղաքական նախաձեռնութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին չի հակասեր, այլ ամբողջական ծիր մըն է շարք մը քայլերու, որոնք կը փորձեն քաղաքական լուծում մը ներկայացնել` շեշտելով, որ առանց ահաբեկչութեան վերջ տալու Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում չկայ եւ քաղաքական երկխօսութեան որեւէ խորհրդաժողով չի կրնար յաջողիլ, մինչ ահաբեկչութիւնը սուրիական ամբողջ հասարակութիւնը եւ կառոյցները կը հարուածէ:

Մինչ այդ, Փարիզի մէջ դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ծրագրէ սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հրաւիրել»:

Աղբիւրները նշեցին, որ «Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն, որ նշեալ խորհրդաժողովը տեղի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախօրեակին եւ ոչ թէ առաջին ժողովը հիւրընկալած զուիցերիական քաղաքին մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )