Ակուերօ Պատրաստ Է Վերադառնալու Խաղադաշտ
Արժանթինի հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Սերժիօ Ակուերօ գրեթէ ամբողջութեամբ ապաքինած է իր վնասուածքէն: Այս լուրը կը հաղորդէ անգլիական յայտնի մարզական «Սքայսփորց» օրաթերթը:
Կ՛ակնկալուի, որ այս շաբթուան վերջաւորութեան Ակուերօ վերադառնայ ազգային խումբ: Կ՛ըսուի, թէ ան յոյս ունի մասնակցելու Իտալիա – Արժանթին բարեկամական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոսին:
Յայտնենք, որ Ակուերօ վերջին անգամ դաշտ ներկայացաւ մայիսի վերջաւորութեան, երբ Մանչեսթըր Սիթի բարեկամական մրցում մը կատարեց Չելսիի դէմ:
CATEGORIES Մարզական


