Գէորգ Ղազարեանի Խումբը` Յաղթական

Գէորգ Ղազարեան

Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիկ Գէորգ Ղազարեանի խումբը` Ղազախստանի ախոյեան Շախտիոր Քարականտի հասաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի զտումի աւարտական հանգրուանին: Շախտիոր Քարականտի, երկու խաղերու արդիւնքին համեմատ (5-3) պարտութեան մատնեց Ալպանիոյ ախոյեան Սկենտերպուն:

Առաջին խաղը Ղազախստանի մէջ աւարտած էր 3-0 արդիւնքով` ի նպաստ Շախտիոր Քարականտիի, իսկ երկրորդ մրցումին (Ալպանիոյ մէջ) յաղթական դուրս եկաւ ալպանական խումբը` 3-2 արդիւնքով, սակայն ընդհանուր հաշուով Շախտիոր Քարականտի յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան:

Յիշեցնենք, որ Շախտիոր Քարականտի Ղազախստանի ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին խումբը դարձաւ, որ կը հասնի այս հանգրուանին: Անիկա վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելու պարագային կը մասնակցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խմբային փուլի հանգրուանին (Կրուփ Սթէյճ), իսկ պարտութեան պարագային կը փոխանցուի «Եուրոփա Լիկ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )