«Էյ. Թի. Փի.»-ի Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Լաւագոյն 20-ին Մէջ Ամերիկացի Չի Գտնուիր

Ամերիկացի Ճոն Իսներ Մոնրէալի մէջ ընթացող մրցաշարքի առաջին հանգրուանին պարտուեցաւ քանատացի Վաշեկ Պոպիշիլիին դէմ 7-5, 6-7(5), 6-7(4) արդիւնքով:

Այս պարտութեան պատճառով ամերիկացի թենիսմենը չկրցաւ պէտք եղած միաւորները հաւաքել եւ դուրս մնաց աշխարհի թենիսմեններու դասաւորման լաւագոյն 20-էն:

Այսպիսով, յաջորդ շաբաթ «Էյ. Թի. Փի.»-ի կողմէ հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լաւագոյն 20-ին մէջ ամերիկացի թենիսմենները բացակայ պիտի ըլլան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )