Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան Առաջին` 96 Քկ Կշիռքի Դասակարգին Մէջ

Արթուր Ալեքսանեան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ, Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 96 քկ կշիռքի մարզին մէջ պահպանեց առաջին դիրքը աշխարհի լաւագոյն ըմբշամարտիկներու անհատական վարկանիշերու նոր ցանկին մէջ:

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտարարեց ՖԻԼԱ-ի կողմէ հրապարակուած այս ցանկը:

Մինչ այդ, 55 քկ կշիռքի մարզին մէջ Ռոման Ամոյեան պահպանեց 5-րդ դիրքը:

66 քկ կշիռքի մարզին մէջ 9-րդ տեղը գրաւեց ֆրանսահայ Արտակ Մարգարեան:

74 քկ կշիռքի մարզին մէջ, Արսէն Ջուլֆալակեան պահպանեց 3-րդ դիրքը:

Իսկ 84 քկ կշիռքի մարզին մէջ 10-րդ տեղը գրաւեց Արթուր Շահինեան:

Ազատ ոճի ըմբշամարտի 66  քկ մարզին մէջ, Դաւիթ Սաֆարեան առաջին դիրքը զիջեցաւ ռուս Մահումետ Ղուրպանալիեւին եւ այժմ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )