Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարին Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ`. 230 Քիլոմեթրնոց Հեծելարշաւ` Արիտայէն Նաքուրա

 

 

 

 

 

 

 

Լիբանանի բանակի տօնին առիթով կիրակի, 4 օգոստոսին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Լիբանանի բանակի զօրակցական հեծելարշաւ մը, Լիբանանի հիւսիսային սահմանէն` Արիտայէն մինչեւ հարաւային սահման` Նաքուրա, մասնակցութեամբ աւելի քան 70 հեծելանւորդներու, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդներ Հայկ Մելիքեան եւ Գէորգ Ալթունեան, բանակի զինուորներ եւ սիրողական մակարդակի մարզասէրներ:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ Ժամալ Համզէի ներկայութեամբ, առաւօտեան ժամը 6:30-ին 40 հեծելանւորդներ Արիտայէն ճամբայ ելան դէպի Նաքուրա: Ճամբու ընթացքին խումբին միացան այլ հեծելանւորդներ, որոնք հասան Պէյրութ եւ կանգ առին 45 վայրկեան` հանգստանալու լիբանանեան բանակի ծովուժի զօրանոցին մէջ, ուր ողջոյնի խօսք առին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռուսթոմ եւ ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան ու բարձր գնահատեցին այս նախաձեռնութիւնը, որուն կ՛օժանդակէր Մշակոյթի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ոչ կառավարական համախմբումը:

Ճաշի դադարէն ետք անոնք խումբով ուղղուեցան դէպի Տամուր, Սայտա, Սուր եւ հասան Նաքուրա, որուն նաւահանգիստին կից գտնուող սահմանագիծին վրայ բանակի անցակէտին մօտ տեղի ունեցաւ վկայագիրներու տուչութեան արարողութիւնը, որմէ ետք հեծելանւորդները մեկնեցան մեծ գոհունակութեամբ:

Իր տեսակին մէջ եզակի եւ ողջունելի այս նախաձեռնութիւնը արժանացաւ բոլոր լրատուամիջոցներու եւ մասնակիցներու գնահատանքին: Կը սպասուի, որ այս շրջավազքը վերածուի տարեկան հերթական նախաձեռնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )