Արդիականութեան Հետ. Հակաահաբեկչութեան Ոստիկաններ Կը Հարուածեն «Ուսապարկ» Եւ «Ճնշեփ» Փնտռողներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ԱՅԼԵՒՍ ՎԱԽՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՉՈՒՆԻՆ… ՊԱՇՏՕՆԵԱՅ ՄԸ ԿՈՒԿԸԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ՓՆՏՌԷ «ՊԵՔՓԵՔ» ԵՒ «ՓՐԵՇԸՐ ՔՈՒՔԸՐ» ԲԱՌԵՐԸ, ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԸ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻ` ԿԱՐԴԱԼԷ ԵՏՔ ԱՆՈՐ ԿՈՒԿԸԼԻ «ԺԱՄԱՆԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ» ԵՒ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՌԵՃԻՍԹԸՐ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ՀԱԼԱԾԱԽՏԻ:

Լրագրող Միշել Քաթալանօ մտածած է, թէ ճնշեփ մը պէտք է գնէ, որպէսզի հարաւամերիկեան հրաշք ընդեղէնը` քինոուա եփէ: Իսկ ամուսինը կ՛ուզէր ունենալ նոր ուսապարկ մը:
Երկուքն ալ դիմած էին հոն, ուր կը դիմէ ամէն ոք. անոնք սկսած են նաւարկել համացանցի վրայ` գտնելու համար իրենց փնտռածը: Քաթալանոյի ամուսինը իր փնտռտուքը կատարած է իր աշխատավայրին համակարգիչին միջոցով, ապա քանի մը օր ետք հրաժարած է իր գործէն:
Տարօրինակ ի՞նչ կայ այս բոլորին մէջ… բացի այն տգեղ զուգադիպութենէն, որ Պոսթընի ենթադրեալ ռմբահարողները` Ժոխար եւ Թամերլան Ցարնայեւ եղբայրները ճնշեփներ պահած էին իրենց ուսապարկերուն մէջ, ինչպէս կ՛ըսէին լրատուամիջոցները: Սակայն, երբ Միշելին ամուսինը հրաժարած էր իր գործէն, մեծաւորը պրպտած էր Կուկըլի վրայ անոր փնտռտուքները եւ որոշած էր տեղեակ պահել իշխանութիւնները:
Քաթալանօ ամոլը այս բոլորին անդրադարձած է` մեծ ցնցում մը ապրելով: Ինչպէս Միշել կը գրէ պլոկի մը մէջ` օր մը իր ամուսինը իրենց բնակարանին դիմաց տեսած է «Էս. Եու Վի.» տիպի երեք սեւ ինքնաշարժներ. երկուքը` մայթին առջեւ շարուած, իսկ երրորդը` տան մուտքին, իր ամուսինին ճիփին ետեւ, կարծէք արգելակելով անոր ելքը»:
Ահաւասիկ ինչ պատահած է անկէ ետք.
«Սովորական հագուստով 6 տղամարդիկ դուրս եկան ինքնաշարժներէն եւ տարածուեցան` ուղղուելով դէպի բնակարանը: Երկուքը աջ կողմէն յառաջացան դէպի բնակարանին թիկունքը, միւս երկուքը` ձախ կողմէն, իսկ երկու հոգի ուղղեցան դէպի դուռ»:
Միշել կ՛ըսէ, թէ 6 տղամարդիկը կը պատկանէին «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարող միացեալ ուժերու», եւ իր ամուսինին հարցուցած էին հետեւեալը. «Երբեւիցէ Կուկըլի մէջ փնտռա՞ծ ես, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ճնշեփի մէջ ռումբ մը պատրաստել»: Բազմաթիւ այլ հարցումներ յաջորդած էին` ստուգելու համար, թէ արդեօք ան ունէ՞ր ճնշեփ մը, կամ` հետաքրքրուա՞ծ էր ռումբերով:
Շուրջ 45 վայրեկան ետք ոստիկանները հեռացած էին` իրենց ետին ձգելով ցնցուած մարդ մը, ապա` պլոկի վրայ այս մասին գրութիւն մը, որ անմիջապէս տարածուեցաւ համացանցի վրայ, ինչպէս նաեւ հոյակապ դիտանկիւն մը` բացուած ահաբեչութեան դէմ պատերազմին վրայ:
Միշել կը գրէ, թէ ոստիկանները վերջաւորութեան յայտնած էին. «Մենք շաբաթը 100 անգամ կու տանք նման այցելութիւններ, սակայն անոնց 99 առ հարիւրը ի թերեւ դուրս կու գայ»:
Պլոկի վրայ (openareas.tumblr.com) հրապարակած իր առաջին տեղեկատուական գրութենէն ետք Միշել երկրորդ գրութեան մը մէջ կը բացատրէ, թէ ոստիկանութեան աղբիւրը ո՛չ թէ Միացեալ Նահանգներու ապահովական գործակալութեան զանգուածային ընդյատակեայ ելեկտրոնային հսկողութեան (ՓՐԻԶՄ) միջոցով քաղուած տեղեկութիւնն էր, այլ` իր ամուսինին մեծաւորէն յղուած լուր մը` Սաֆոքի տեղական ոստիկանութեան: Ոստիկանութիւնը հաստատած է, թէ ա՛ն էր իր աղբիւրը:
Միշել կ՛եզրակացնէ. «Միայն գիտեմ, որ եթէ մօտ օրէն ճնշեփ մը պիտի գնեմ, համացանցի վրայ պիտի չգնեմ»:
«Կը վախնամ, սակայն` ոչ այն բաներէն, որոնք իրապէ՛ս վախ պէտք է պատճառեն»:
Այս գրութեան հրապարակումէն ետք կարելի է մտածել, թէ ամէնէն աւելի պէտք է վախնալ հալածախտի այն մթնոլորտէն, որ Միշելի ամուսինին մեծաւորին մղած էր կէտերը իրարու միացնելով` ահաբեկիչի մը պատկերը տեսնելու: Ասիկա ինքնին այն զգացումն է, որ ահաբեկիչները կը ցանկան մեզի:

