Արդիականութեան Հետ. Ինքնաշարժները` Արգիլուած

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՆՑՈՐԴՆԵՐ ԿԸ ՎԽՏԱՆ ՀՌՈՄԻ ԱՄՓԻԹԱՏՐՈՆԻՆ ՇՈՒՐՋ, ՄԻՆՉ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԵՐԹԵՒԵԿԸ Կ՛ԱՐԳԻԼՈՒԻ ՎԻԱ ՏԷԻ ՖՈՐԻ ԻՄՓԵՐԻԱԼԻ ՊՈՂՈՏԱՅԻՆ ՎՐԱՅ: «ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀՌՈՄԻ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ «ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ» ՏԵՆՉԵՐԸ…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հռոմի հնադարեան ամփիթատրոնը (Քոլիսէում) կը նկատուէր աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ բոլորակը, որուն շուրջ կը դառնային ինքնաշարժները: Տասնամեակներ շարունակ, ամէն օր, հազարաւոր ինքնաշարժներ եւ մոթոսիքլեթներ դարձած են անոր շուրջ: Սակայն այս բոլորը օգոստոսի սկիզբը անցան պատմութեան:

Այրած վառելանիւթի ծուխը ժամանակի ընթացքին մթագնած է ամփիթատրոնին երբեմնի փայլուն մարմարէ պատերը, եւ մասնագէտներ մտահոգ են, որ երթեւեկին պատճառած ցնցումները կրնան վտանգել դիւրաբեկ կոթողը:

Վիա տէի ֆորի իմփերիալիի մէկ մասը` սալայատակ գեղատեսիլ այն պողոտան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի ամփիթատրոն, այժմ փակուած է ինքնաշարժներու երթեւեկին դիմաց եւ վերածուած է «աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ ծառուղիին», ինչպէս կ՛ըսէ Հռոմի նոր քաղաքապետը` Ինիացիօ Մարինօ:

Հռոմի բնակիչները եւ զբօսաշրջիկները ի վերջոյ պիտի կարենան կանգնիլ քաղաքին ամէնէն հռչակաւոր խորհրդանիշին առջեւ, առանց վախնալու, որ անհամբեր քշողներ կրնան արշաւել իրենց վրայ, թէեւ մօտակայ կարգ մը ճամբաներ բաց են երթեւեկի դիմաց:

«Այցելուներ պիտի քալեն այն ճամբաներէն, ուր Յուլիոս Կեսար եւ Օգոստոս կայսրը քալած են` Քամփիտոլիօ բլուրին եւ հոյակապ Քոլիսէումին շուքին,- կ՛ըսէ Մարինօ:- Այս իրապէս ցնցիչ գեղեցկութեան դիմաց անգամ մը եւս կը կերտուի պատմութիւնը»:

Մարինօ ձեւով մը կերտած է իր սեփական պատմութիւնը:

Վիա տէի ֆորի իմփերիալին եւ Քոլիսէումը միայն անցորդներու յատուկ ճամբու մը վերածելու մասին կը խօսուէր տասնամեակներէ ի վեր: Սակայն գաղափարը երբեք որոշումի չէր վերածուած` զանոնք փոխարինող ճամբաներու չգոյութեան պատճառով: Օրուան ամէնէն խճողուած պահերուն ժամական աւելի քան 1200 ինքնաշարժ կ՛անցնի Քոլիսէումին քովէն:

Այսուհանդերձ, Մարինօ իր ընտրապայքարի խոստումը իրականութեան վերածեց յունիսին պաշտօնը ստանձնելէն միայն 7 շաբաթ ետք:

«Ծրագիրը մշակուեցաւ եւ զարգացաւ` շնորհիւ Հռոմի տղամարդոց եւ կիներուն մասնակցութեան, իբրեւ միջոցառում մը, որ պիտի բարելաւէ կեանքի որակը եւ պիտի վերանորոգէ սէրը` քաղաքին նկատմամբ», ինչպէս հպարտութեամբ կը հաստատէ Մարինօ` ծրագիրին կայքէջին մէջ:

Սակայն «Հռոմի բոլոր տղամարդիկը եւ կիները» չեն, որոնք կը մտածեն, թէ ճամբան միայն հետիոտն երթեւեկողներուն վերապահելը կրնայ «բարելաւել որակը» իրենց կեանքին:

Հարիւրաւոր բնակիչներ, որոնք կ՛ապրին ճամբաներու շեղումին պատճառով ինքնաշարժներու երթեւեկի յաւելեալ բեռը կրող փողոցներուն վրայ կամ անոնց շուրջ, դէմ են ծրագիրին եւ կ՛այպանեն Մարինոն` ըսելով, թէ զիրենք նետած է գայլին բերանը:

Մօտակայ Մերուլանա փողոցին վրայ, որ ինքնին ենթակայ է հեղձուցիչ խճողումի, օդի ապականութեան եւ աղմուկի, բնակիչներ վրդովմունքով կը շարժեն իրենց գլուխը, երբ կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս ոստիկաններ կը նեղցնեն կառատուներու տրամադրուած տարածքները` ճամբայ բանալու համար հետզհետէ աւելցող ինքնաշարժներուն դիմաց:

Քանի մը հարիւր մեթր անդին քաղաքային խորհուրդի աշխատաւորներ նոր գիծ մը կ՛աւելցնեն արդէն եռուն պողոտայի մը վրայ` զայն վերածելով քաղաքամէջի մայրուղիի:

Այն մտավախութեամբ, թէ սուրացող ինքնաշարժները, կառատուներու անբաւարար տարածքները եւ ընդհանուր քաոսը կրնան վանել յաճախորդները, վաճառատուներու սեփականատէրեր եւ այլ գործատէրեր կազմած են միութիւն մը, որպէսզի կասեցնեն ծրագիրին ամբողջական գործադրութիւնը կամ գէթ պատշաճեցնեն զայն:

«Ասիկա միայն վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ մեզի համար,- կ՛ըսէ թերթավաճառ մը:- Երբ ինքնաշարժները կը սուրան, ոչ ոք պիտի կարենայ կանգ առնել` նոյնիսկ թերթ մը գնելու համար: Երթեւեկը այնքա՛ն տհաճ պիտի ըլլայ, որ մարդիկ պարզապէս պիտի խուսափին այս վայրէն»:

Հակառակ բնակիչներուն մտավախութիւններուն` Մարինօ կը մնայ անդրդուելի: Ան կը ծրագրէ ճամբաներէն վտարել ուտելիքի շարժական կառքերը, ապօրինի  ծախողները, սուսերամարտիկի տարազով շրջող երիտասարդները, որոնք ամփիթատրոնը վերածած են զբօսաշրջիկներու թակարդի:

Մարինօ կ՛երազէ նաեւ օր մը ինքնաշարժներու երթեւեկի դիմաց փակել շրջակայ տարածքները, ներառեալ` Փիացցա Վենեցիան:

Ան նաեւ կը յուսայ դրամ ստանալ Եւրոպական Միութենէն` պեղելու համար Հռոմի հնադարեան ժողովարանը եւ զայն վերածելու «աշխարհի ամէնէն ընդարձակ հնագիտական վայրին»:

Մարինօ միայն 7 շաբաթէ ի վեր Հռոմի քաղաքապետն է, սակայն ոմանք անոր տենչերուն եւ մղումներուն մէջ կը տեսնեն պատմական կայսրերու ջիղ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )