Երիտասարդական Ոսպնեակ. Սեւրի Դաշնագիրի Արծարծումը Քաղաքական Մտամարզանք Չ՛ենթադրեր

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Բոլոր ժամանակներէ աւելի, մօտիկ անցեալի պատմութենէն դասեր քաղելու հրամայական պահանջին դիմաց կը գտնուի հայ պետական կարգն ու սարքը, եւ առհասարակ հայ քաղաքական միտքը:

Պարզ այն հասկացողութեամբ, որ  21-րդ դար թեւակոխած հայութիւնը ճակատագրուած է մտածելու եւ գործելու այնպիսի հեռանկարային առաջադրութիւններու ուղղութեամբ, որոնք պիտի կարենան զինք զգօն պահել, պաշտպանել եւ ուժեղացնել` հետագայ տասնամեակներու աշխարհաքաղաքական դասաւորումներուն դիմաց, երբ արդէն համաշխարհային խօլ մրցակցութիւններու, ահռելի միջցեղային բախումներու, ազգակործան թէ բնաջնջումի ծրագիրներու աշխոյժ գործադրութեան անմիջական տարբերակին ականատես է մարդկութիւնը համակ:

Այլ խօսքով, մերօրեայ կեանքի գաղութարար վարքագիծի թէ ազգային հարստութիւններու թալանի ամէնէն բարբարոս քաղաքական ու զինուորական արշաւներու բեմ են դարձած երկրագունդի տարբեր ցամաքամասեր, ուր  մարդկային ողբերգութիւններու, մաքրագործումի, քանդումի, անասելի բռնարարքներու թէ դժոխային տրամ-ներու վիճակ է պարզուած գրեթէ ամէնուրեք:

Իսկ այս բոլորին միտումը, բնականաբար, աշխարհակարգումի թէ քարտէսագրումի նորովի մօտեցումներու, սադայելական ծրագիրներու, ի պահանջեալ հարկին` պետութիւններու կործանման թէ բաժանարար սահմաններու ստեղծման հաշուոյն կը կատարուին:

Արդ, նման քաղաքական թէ պատերազմական խորապատկերին դիմաց ինչպիսի՞ կողմնորոշում հարկ է ցուցաբերել եւ կամ ազգային  աշխարհահայեացք որդեգրել` յանուն հայոց պատմաքաղաքական թէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ձեռքբերման, հակառակ տիրող աննպաստ կացութիւններու, թէժ ու քանդիչ պատուհասներու եւ բազմաբեւեռ անորոշութիւններու:

Եւ ճիշդ այս պարունակի մէջ հարկ է հայոց պարագային դիտարկել պետականութեան հզօրանքի թէ ժողովրդային առաւել նեցուկի ապահովման ամէնէն էական գործօնը, որպէսզի իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն շեշտադրենք մեր քաղաքական ինքնութիւնը եւ պետականադրոշմ վարքագիծով անարգել շարունակութենէ:

Պատմականօրէն, աշխարհաքաղաքական սուր մրցակցութիւններու իբրեւ հետեւանք` ճիշդ է, որ ի յայտ եկան քարտէսագրական արդի իրադրութիւններ եւ երկրամասային բաժանումներ, այդուհանդերձ, ստեղծուած թոհուբոհին մէջ` երբ տարբեր երկիրներու անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնն անգամ ապրեցան տատանումի եւ անորոշութեան վիճակներ, անդին արձանագրուեան նաեւ` քաղաքական եւ իրաւական գործընթացներ` միջազգային դաշնագիրներու վերաբերող:

Այլ խօսքով, մասնատուած եւ իրերամերժ քաղաքական ճակատներու եւ պատերազմական սպառնալիքներու առընթեր, հայոց պարագային կը ստեղծուէր պատեհութիւնը, վերանուաճելու իրաւունքը` հայրենիքի վերատիրացման ու անոր քաղաքական ինքնութեան առաւել հաստատագրումին, իբրեւ ազգերու շարքին իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող պետականութիւն եւ ժողովրդավար հասարակակարգ:

Հաստատել է պէտք, որ բազմաթիւ առումներով 10 օգոստոս եւ 22 նոյեմբեր 1920 զոյգ թուականները հայ քաղաքական մտքին համար իսկապէս  շրջադարձային են, նկատի առած Սեւրի դաշնագիրին միջազգային պարտաւորութիւնն ու անկէ բխած Միացեալ նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուլիսընի իրաւական վճիռին բացարձակ հայանպաստ առաջադրութիւնը, հակառակ այն իրողութեան որ անիկա մնաց անիրագործելի` զոհ դառնալով մեծապետական սադրանքներու:

Ընդգծենք, որ եթէ երբեք սփիւռքահայութիւնը տասնամեակեր շարունակ` զրկուած հողի ու պետականութեան նեցուկէն, կարողութիւնը ունեցաւ գէթ ներհայկական առումով վառ պահել Սեւրի դաշնագիրի իմաստն ու կարեւորութիւնը` հետագայ սերունդներու հաշուոյն, ապա, այսօր, աւելի քան երբեք հայրենի պետական մտածողութեան համար անիկա պէտք է զգենու իբրեւ ազգային արժեհամակարգի մնայուն առանցք եւ անժամանցելիութեան ցուցանիշ:

Հայաստանի վերանկախացումով բնականաբար վերջ կը տրուէր այսպէս ասած զգացական եւ յուշագրային արտայայտութիւններու ասպարէզին, որովհետեւ հայոց պետականութեան հաստատումով` սկիզբ պէտք էր առներ ազգային պահանջատիրական երթի այլ մակարդակ մը, որով պիտի յատկանշուէր հայ պետական կեանքի նորովի ընկալումը:

Մնալով ականջալուր ազգային երազանքին ու քաղաքական տրամաբանութեան եւ ըմբռնելով հանդերձ ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պարտադրանքները, հայութիւնը երբեւէ ականատես եղաւ հայ դիւանագիտական մակարդակի նպատակային նախաձեռնութիւններու` Սեւրի դաշնագիրի անժխտելութիւնը բնորոշող:

Բաւարա՞ր պէտք է նկատել, հեղ մը նախագահ ՍԵրժ Սարգսեանի եւ այլ առիթով նախարարի մը զգացական խօսքերն ու մատնանշումները` Սեւրին ակնարկուող կամ Արարատի վերատիրացումին անդրադարձող:

Հայ դիւանագիտական համակարգը մտածե՞ց. որ ամէն օգոստոսի 10-ին, Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու (Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Փորթուքալ, Միացեալ Նահանգներ, Ճափոն, Պելճիքա, Պրազիլ, Չինաստան, Յունաստան, Լեհաստան, Ռումանիա, Հիճազ այժմ` Սէուտական Արաբիա, եւ այլն), դեսպանութիւններուն յղել պահանջագիր` պարտաւորութիւններու վերյիշեցման, վկայակոչելով պատմական անշրջանցելի իրողութիւններ:

Միթէ գաղտնի՞ք յայտնած կ՛ըլլանք, եթէ հրապարակաւ խօսինք  աշխարհաքաղաքական նորովի բաժանումներու եւ քարտէսագրական միտումներու մասին` ի տես եռեւեփող ու ահռելի պատերազմական անդոհանքներու եւ քաղաքական անսովոր հակադրութիւններու:

Պիտի շարունակե՞նք մնալ դիտողի ու լսողի հանգամանքներուն ընդառաջ, ձեւով մը կղզիացած եւ հեռու քաղաքական ոլորտներու հասողութենէն:

Պատմութեան ամբողջ տեւողութեան պատահա՞ծ է, որ ազգեր կարենան տոկալ եւ պահպանել իրենց ազգային դիմագիծն ու քաղաքական ինքնութիւնը, առանց դիմակայելու պարտադրուած կացութիւններն ու հրամցուած սադրանքները:

Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել արեւմուտքի այն կողմնորոշիչ կարգ մը քաղաքական մտմտուքները, երբ մերթ ընդ մերթ ակնարկութիւններ կը կատարուին այն իրաւունքին, որ հայութեան համար դէպի Սեւ ծով ելքի մը կարելիութիւնը պէտք է ապահովուի:

Միւս կողմէ, ի՞նչ կը պակասի մեզի, որ չկարենանք ազգային արժեհամակարգի առաւել տոկունութիւն եւ ճկունութիւն ցոյց տանք, տնտեսական հզօրանքին լիցք հայթայթող դիւանագիտական ճարտար վարքագիծի առաջատար դառնանք, քիչ մը յարձակողապաշտի պատմուճանը հանդերձենք, ապա նաեւ` մեր պարագային, հայոց արդար իրաւունքներու վերատիրացման կամքի ու հաւատամքի ուժ դրսեւորենք:

Յայտնապէս, նման արդիւնաւէտ աշխատանքի ու խրոխտ կեցուածքի իբրեւ ներշնչում Սեւրի դաշնագիրը կ՛ընձեռէ կարելիութիւն`  իրաւական ու փաստական իր էատարրերով եւ որոշակի քաղաքական կշիռով:

Սեւրի դաշնագիրը հայութեան տուած է այս նուիրական պատիւը, որպէսզի ամէն քայլափոխի եւ յաչս աշխարհին արծարծենք հայրենիքի վերատիրացման մեր պատրաստակամութիւնը, երազանքն ու կամքը:

Կը մնայ այս եզակի դաշնագիրին գերազանց իմաստն ու խորհուրդը վկայակոչել հայ նորահաս սերունդներու` զայն համարելով ազգային դաստիարակութեան, հայրենապաշտութեան եւ հայրենիքի վերատիրացման հզօր վաւերագիր:

Այդուհանդերձ, պէտք չէ մոռացութեան տալ  էական ճշմարտութիւն մը, որ պետական դիւանագիտական աշխատանքները կ՛արդիւնաւորուին առանձնաբար երբ անոնց յենարան են պահանջատիրական ոգիի եւ մարտունակ կամքի արտայայտութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )