Թուրքիոյ Կողմէ Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւնը Մերժող Եւ Դատապարտող Արաբական Կեցուածքներու Մասին

Արաբական մամուլին մէջ անցեալ ամսուան ընթացքին լոյս տեսած են շարք մը յօդուածներ եւ տեսակէտներ, որոնք սուր կերպով կը քննադատեն Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն օժանդակելու եւ զանոնք իշխանութեան հասցնելու թրքական ջանքերը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն ու կը դատապարտեն թրքական միջամտութիւնը` Եգիպտոսի ներքին հարցերուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք արաբական մամուլէն եւ կայքէջերէն քաղուածքներ:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական եւ ռազմավարական եգիպտական «Ահրամ» կեդրոնի թրքագէտ Մոհամետ Ապտել Քատերէն, կը հաստատէ, որ Թուրքիա զօրակցած է շրջանին մէջ իսլամական քաղաքականութեան բոլոր շարժումներուն, «որովհետեւ Թուրքիոյ համար իսլամական կուսակցութիւնները մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքին տիրելու թրքական ծրագիրին»: «Արապիա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ապտել Քատեր աւելցուց, որ թրքական իշխանութիւնները Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրները ֆինանսաւորած են եւ բարոյական զօրակցութիւն ապահոված են անոնց` Եգիպտոսի իշխանութիւնը ձեռք ձգելու նպատակով: «Թուրքիա եղաւ առաջին երկիրը, որ ողջունեց Մոհամետ Մուրսիի ընտրութիւնը», նշեց ան:

Նոյն շրջագիծին մէջ, սէուտական «Ռիատ» օրաթերթը հրապարակած է «Ո՛վ Թուրքիա, Բարձրագոյն դրան ժամանակաշրջանին մէջ չենք» խորագրեալ յօդուածը, որուն մէջ կը կարդանք. «Թուրքիա-Իսլամ եղբայրներ մերձեցումը, իրականութեան չի համապատասխաներ, այլ խօսքով` Թուրքիայէն Եգիպտոս եւ ապա Իրան երկարող իսլամական խալիֆայութեան մը կերտումը պատմական տրամաբանութեան անտեսում է: Թուրքիա ինքնին կ՛ապրի տնտեսական բաւական լաւ բարգաւաճում, սակայն այդ բարգաւաճման գոյատեւումը ուղղակիօրէն կախեալ է անոր ներքին ապահովութենէն: Թուրքիա տակաւին հարցեր ունի քիւրտերուն հետ, իսկ այս հանգրուանին սուրիական իրավիճակը կրնայ խնդիրներ յարուցել ալեւիներուն հետ: Աւելի՛ն, Էրտողանի քաղաքականութիւնը մերժող երիտասարդութեան շարժումները, նոյնիսկ եթէ անոնք քիչ համեմատութեամբ են, կը հաստատեն, որ ներքին առումով թրքական համախոհութիւն չկայ Էրտողանի քաղաքականութեան շուրջ: Թուրքիա շրջանին մէջ իր ներկայութիւնը փաստեց, որովհետեւ ան ներկայացաւ իսլամ չափաւորականութեան, տարբեր համայնքներու միջեւ գոյակցութիւնը յարգող, օրէնքները գործադրող եւ ժողովրդավարութեան ու իշխանափոխութեան հաւատացող ծրագիրով մը: Սակայն Թուրքիոյ այն պատկերը, որուն մէջ ան կը ներկայանայ իբրեւ շրջանին նոր տէրը, յատկապէս Եգիպտոսի նման հսկայ երկրի մը դիմաց, ինչպէս նաեւ Մուրսիի ի նպաստ ցոյցերու ընթացքին սպանութիւններու անոր ուրացումը մեզ կը յիշեցնէ Թուրքիոյ կողմէ սպաննուած տասնեակ հազարաւոր քիւրտերը, հայերը եւ ուրիշներ, իսկ այս մասին դատապարտումի ալիք բարձրացնող եւ հաշուետուութիւն պահանջող կողմերը եւրոպական երկիրներն են եւ ոչ թէ արաբական աշխարհը»:

«Ռիատ» կ՛եզրափակէ նշելով, որ Թուրքիա բարեկամ երկիր կը մնայ, սակայն փոխադարձ յարգանքի սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձ շահերու տրամաբանութեան հիման վրայ»:

Սէուտական «Հայաթ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած այլ յօդուած մը կ՛անդրադառնայ Էրտողանի եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւններու վատթարացման: «Հայաթ» կը գրէ, թէ Անգարայի կողմէ Մուրսիի նկատմամբ ցուցաբերուած բացարձակ զօրակցութիւնը շրջանցած էր երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական ընդունելի սահմանները: Ան կը հաստատէ նաեւ, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Գահիրէի գրասենեակի իր արաբերէն լրատուութեան բաժանմունքը ծառայեցուցած էր Մուրսիի, որպէսզի ան կարենար իր տապալման օրը` բանակին կողմէ իր վրայ պարտադրուած տեղեկատուական լուսանցքայնացումը ճեղքել: Ան կ՛աւելցնէ, որ Մուրսիի նկատմամբ ցուցաբերուած թրքական զօրակցութեան մէկ այլ փաստը այն է, որ Թուրքիա ընդվզումով հակազդած է եւ եգիպտական բանակը պատասխանատու նկատած Գահիրէի նախագահական պալատին շրջակայքը արձանագրուած բախումներուն: Աւելի՛ն, ան անտեսած է բռնարարքներու դիմելու ուղղութեամբ Իսլամ եղբայրներուն կատարած հրահրումները: «Հայաթ»-ի յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ աւելի քան երկու տարի առաջ շրջանին մէջ սկսած «Արաբական գարնան» շրջագիծին մէջ, թրքական կառավարութեան կողմէ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս բուռն զօրակցութիւնը պիտի ըլլայ Անգարայի վերջին օժանդակութիւնը: «Հայաթ» կը շեշտէ, որ աւանդական առումով չէզոք դիրք ունեցող Թուրքիան, շրջանին տագնապին մէջ յստակ կողմ մը նկատուի, իսկ թուրք լրագրողները, որոնք շրջանին մէջ շատ աւելի ազատ էին, քան իրենց արաբ գործակիցները, ներկայիս եգիպտական զինուորական իշխանութեան կողմէ կասկածելիներ կը նկատուին:

Եգիպտական «Վիթոկէյթ» կայքէջին վրայ տեղադրուած յօդուածի մը մէջ կը կարդանք. «Դաւաճանութիւն… Իսլամ եղբայրները գերմանական քամերաներով կը հսկեն զինեալ ուժերուն հրամանատարութեան… Թուրքիա լրտեսելու յատուկ արդիական քամերաներ կը տրամադրէ` ցոյցերու պատրուակով նկարելու զինուորական հաստատութիւնները… Իսլամ եղբայրներու ղեկավար դէմքերէն Մահմուտ Իզզաթ դաւադրութիւնները կը կազմակերպէ թրքական գաղտնի սպասարկութեան ցուցմունքներով»:

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր, թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտին ընդարձակ անդրադարձ մը կը կատարէ եգիպտական ներքին հարցերուն թրքական միջամտութիւններուն մասին:

16 յուլիսին հրատարակած իր յօդուածը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Եգիպտոսի համար թրքական «ճամբու քարտէս» մը. «ժխտական տոմինոյի» մը գոյութիւնը մտահոգիչ է»: Նուրէտտին իր յօդուածը կը սկսի թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթէն կատարուած մէջբերումով մը, որ կ՛ըսէ. «Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ապտել Ռահման Սալահէտտինին փոխանցեց Եգիպտոսի վերաբերող թրքական «ճամբու քարտէս» մը, որ կը պահանջէ տապալած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ անոր ընկերակիցներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ` բոլոր կողմերը ներառող քաղաքական նոր գործողութեան մը սկսիլը: Կիւլ Սալահէտտինի յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիոյ փափաքն է Եգիպտոսը կայուն տեսնել:

«Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիոյ համար Մուրսին է օրինական նախագահը: Ան նշած է, որ «Եգիպտոս այս հանգրուանին հսկայ տագնապ մը կը դիմագրաւէ», շեշտելով «այդ տագնապը ամէնէն արագ միջոցին լուծելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ Եգիպտոս կը նկատուի Միջին Արեւելքի ողնասիւնը»: Տաւութօղլու աւելցուցած է ըսելով. «Եգիպտոսի մէջ որեւէ սխալ շարժումի պատճառով, մենք զմեզ պիտի գտնենք ժխտական տոմինոյի մը դիմաց, որ այս դէպքերը պիտի փոխադրէ շրջանի այլ երկիրներ»:

27 յուլիսին գրուած այլ յօդուածի մը մէջ Նուրէտտին անդրադառնալով Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ռասուլ Այնէի վերջին զարգացումներուն կը հաստատէ, որ «Տաւութօղլու նախանձելի վիճակի մէջ չի գտնուիր»: Մոհամետ Նուրէտտին թրքական արտաքին քաղաքականութեան ձախողութիւնները կը վերագրէ հիմնական երկու տուեալներու, որոնցմէ առաջինը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զարգացումներուն մասին թրքական կեցուածքն է: Այս առումով Անգարայի իշխող վարչակարգը, որ սկզբունքով պէտք է աշխարհիկ ըլլայ, անվարան բացայայտեց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «չափաւորական» ըլլալուն կեղծիքը` նկատի ունենալով, որ Էրտողանի կառավարութեան ընդվզումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) նախագահ Ապտիւլլա Օճալանի հետեւորդ քիւրտերը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որոշ շրջաններու տիրեցին:

Իսկ երկրորդը այն է, որ 30 յունիսի յեղափոխութենէն եւ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ետք, Էրտողան անդադար ցեխարձակումներ կատարեց Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի դէմ եւ այդ դէպքը յեղաշրջում մը նկատեց` շեշտելով, որ ինք կը մերժէ իբրեւ նախագահ ճանչնալ չընտրուած անձնաւորութիւն մը:

– 29 յուլիսի թիւով հրապարակուած յօդուածի մը մէջ, Նուրէտտին կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիա ջղային վիճակի մը մէջ կ՛ապրի «փարաւոն» Սիսիին եւ Սէուտական Արաբիոյ պատճառով: Ան կը հաստատէ, որ «Թուրքիա կը գտնուի ինքնաչէզոքացման վիճակի մէջ, իր ստացած իրերայաջորդ հարուածներուն պատճառով: Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու իր եւ շրջանային կարգ մը եկիրներու ջանքերուն ձախողութեան զուգահեռ, Եգիպտոսի 30 յունիսի յեղափոխութիւնը երկրորդ հարուած մը հասցուց` շրջանին մէջ թրքական դերակատարութեան»:

– Այս մթնոլորտէն անմասն չեն մնար նաեւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Թուրքիա կը միտի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն յետս կոչել իր զօրամասը: Կը նախատեսուի, որ այդ միտումին տուն տուող պատճառները ըլլան. ա) Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ զետեղելու Եւրոպական Միութեան որոշումը, բ) Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ չարձակելը եւ գ) լիբանանցիները առեւանգելու եւ զանոնք ազատ արձակելու բանակցութիւնները ձախողեցնելու պատասխանատուութեան առումով Թուրքիոյ հասցէին կատարուած ուղղակի ամբաստանութիւնները:

«Անկասկած այս հանգրուանին Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը դիմագրաւեն իրենց վատագոյն հանգրուանը` նկատի ունենալով, որ Թուրքիան անուղղակիօրէն Ռիատը կ՛ամբաստանէ Իսլամ եղբայրները եգիպտական իշխանութենէն հեռացնելու յանցանքով», կ՛եզրափակէ Նուրէտտին:

Սէուտական «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը իր կարգին անդրադարձած է Եգիպտոսի մէջ թրքական մոտելին ձախողութեան: Օրաթերթին համաձայն, «Էրտողան կը փորձէ իր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ընդմէջէն օսմանականութիւնը վերակենդանացնել»:

«Էրտողան` «քեխքէ ծախող»-ը, որ կ՛ուզէ սուլթան դառնալ» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները ջրած են «զերօ խնդիրներ»-ու թրքական քաղաքականութիւնը, եւ ենթակայ են յաւելեալ զարգացումներ ապրելու, սկսեալ` Լիպիայէն, անցնելով Սուրիայէն եւ հասնելով մինչեւ Եգիպտոս:

Նոյն ուղղութեամբ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը տպած է նաեւ այլ յօդուած մը, ըստ որուն, 30 յունիսէն ետք, Եգիպտոսի նկատմամբ թրքական կեցուածքը շրջանցած է տրամաբանութեան բոլոր սահմանները, յատկապէս Էրտողանի կողմէ տապալած նախագահը մնայուն կերպով պաշտպանելու, բանակը դատապարտելու եւ բանակին կողմէ ժողովուրդին կողքին կանգնելու կեցուածքը զինուորական յեղաշրջում նկատելու առումով: «Իսկ տարօրինակը այն է, որ վերոնշեալ այս կեցուածքները կ՛արտայայտուին այնպիսի պետութեան մը կողմէ, որ կոչ կ՛ուղղէր իր դրացի երկիրներուն հետ զերօ հարցեր ունենալու»:

Յօդուածագիրը կը հաստատէ, որ Անգարա չ՛անդրադառնար, որ Եգիպտոսի եւ անոր բանակին նկատմամբ Էրտողանի սուր եւ լարուած յայտարարութիւնները աւելի եւս կը ծանրացնեն շրջանին մէջ թրքական քաղաքական ձախողութիւնը: «Իսկ այս պարագային այն արաբները, որոնք այս հանգրուանին եգիպտացի ժողովուրդին եւ բանակին կողքին կանգնեցան, կտրականապէս պիտի մերժեն Էրտողանի կեցուածքները: Միւս կողմէ, թուրքերը իրենց կարգին չանդրադարձան, որ Մուրսիի հակառակորդ «եգիպտացիները եւս կ՛երազէին «թրքական մոտել»-ը գործադրել իրենց երկրին մէջ, սակայն անոնք հաստատ կերպով պիտի մերժեն Էրտողանը տեսնել Ռապիյա Ատուիյայի աղմուկին մաս կազմող պոռչտուք մը», կը նշէ յօդուածագիրը:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ

8 օգոստոս, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )