«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»Ը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒԺ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ
Տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամն ու Լիբանանի պարզած քաղաքական եւ տնտեսական անորոշ իրավիճակը որեւէ ձեւով պատճառ չեն դարձած, որ լիբանանահայ գաղութը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը: Իւրայատուկ այդ կենսունակութեան պահպանման եւ ազգային, մշակութային ու հասարակական գործունէութեան առաւել զարգացման աշխատանքներուն մէջ մեծ է դերակատարութիւնը նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերող անհատներուն, որոնք կը գիտակցին այս գաղութի ներկայացուցած համասփիւռքեան կարեւորութեան:
Երջօ Սամուէլեան հիմնադիրն է «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ին, որուն ծաւալուող գործունէութիւնը հայ մարդուժ պատրաստելու տեսակէտէն համասփիւռքեան տարողութեամբ ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ազգային-մշակութային պատուաբեր կեդրոնի հիմնումով, հայկական երաժշտութեան եւ հայ մամուլին համար ապագայ մարդուժ պատրաստող ծրագիրներու իրականացման իր նկատառելի նպաստը բերելով «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ի աշխատանքները օրինակելի, ողջունելի եւ էապէս ազգօգուտ բնոյթ ունին:
Այս բոլոր աշխատանքներուն ծանօթացման մտադրութեամբ «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ ֆոնտի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին հետ, որ սիրով ընդառաջեց մեր դիմումին` լուսաբանելով «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ի հիմնադրման նպատակները, անցած ուղին եւ յառաջիկային իրականանալիք ծրագիրները:
Խօսելով «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ի հիմնադրութեան նպատակներուն եւ նման նախաձեռնութեան մը անհրաժեշտութեան մասին` Ե. Սամուէլեան նշեց, որ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը հիմնադրուեցաւ 2007 թուականին: Սկզբնական շրջանին ֆոնտին նպատակը եղաւ երաժշտութեան հակում ունեցող մանուկներուն օգտակար դառնալ: Ապա ֆոնտը սկսաւ ծառայել այլ նպատակներու, ինչպէս` դպրոցական աշակերտներուն, նաեւ` «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան ամսաթերթին: Անոր համաձայն, մնայուն կերպով միտում ու պատրաստակամութիւն կայ իրենց մօտ` ապագային շարունակելու նեցուկ կանգնիլ ու օժանդակել հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ֆոնտը տարբեր ծրագիրներ ունի, սակայն պէտք է ընտրութիւն կատարել եւ ճշդել, թէ ո՛ր մէկը աւելի կարեւոր է ու առաջնահերթ:
«Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը հաստատուեցաւ Լիբանանի մէջ, սակայն կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ` հոն եւս օգտակար դառնալով աշակերտներուն: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը կը գործէ Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ», ըսաւ բարերարը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ի աշխատանքները ո՞ր բնագաւառներուն մէջ կը ծաւալին, Երջօ Սամուէլեան ըսաւ. «Ֆոնտը կ՛օժանդակէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ յաճախող աշակերտներուն: Ներկայիս 50 հոգի կ՛օգտուի ֆոնտէն: Աւելի քան 200 դպրոցական աշակերտ օժանդակութիւն կը ստանան ֆոնտէն, իսկ վերջին գործունէութիւնը եղաւ «Ազդակ»ի «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածը, որ առիթ կ՛ընծայէ մանուկներուն ու պատանիներուն իրենց ստեղծագործական աշխարհը բացայայտելու այս էջով, գծելու, գրելու, նաեւ թերթին ճամբով օգտակար գիտելիքներ ստանալ: Նման թերթեր կարեւոր են, որպէսզի մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծուի ընթերցելու եւ գրելու նկատմամբ: Մեծապէս գնահատելի են անշուշտ ուղղագրութեան ու շարադրութեան մրցումները, որոնց կը մասնակցին լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ մեծ թիւով աշակերտներ: Ինծի համար ցաւալի ու անընդունելի է, որ հայ մանուկ մը, որ լաւ աշակերտ է, տաղանդներ ունի, զրկուի դպրոց ու երաժշտական քոլեճ յաճախելէ` նիւթական դժուարութեան պատճառով: «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը նման պարագաներուն նեցուկ կանգնելու նպատակ կը հետապնդէ», հաստատեց ան:
Երջօ Սամուէլեանի հետ այս զրոյցին ընթացքին կարելի չէր անդրադարձ չկատարել Ազգային առաջնորդարանի կառուցման աշխատանքներու ամբողջացման եւ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին, որ կը պատկանի Ազգային առաջնորդարանին եւ որ բաւական շքեղ կառոյց մըն է, ուր տեղի կ՛ունենան տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, խրախճանքներ եւ այլն:
Ե. Սամուէլեանի համաձայն, երբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան Րաֆֆի Սիսլեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Չինաստան, հարց տուած է անոնց, թէ ինչո՞վ կարելի է օգտակար դառնալ լիբանանահայութեան: «Տարբեր ծրագիրներ ներկայացուեցան ու գաղափարներ առաջադրուեցան, սակայն նախընտրեցի Ազգային առաջնորդարանը եւ սրահը շինել: Հիմնական նպատակս էր արաբական այդ երկրին մէջ հաստատել, որ հայերը հոս են եւ հոս ալ պիտի մնան, որ հայերը շինարար ժողովուրդ են, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք հզօր ուժականութիւն ունին: Երկրորդ նպատակս էր Ազգային առաջնորդարանը օժտել սրահով մը, եկեղեցին, սրահը եւ առաջնորդարանը մօտ ըլլան իրարու, մանաւանդ որ նման բան չկար: Մտածեցինք շինութեան ամբողջովին տարբեր բնոյթ տալ: Ես կատարեցի գծագրութիւնը, յատակագիծը կազմեցի եւ անկէ ետք 3 տի.-ի վերածելով բաւական տպաւորիչ պատկեր մը պարզուեցաւ: Երբ Լիբանան այցելեցի պատկերը ցոյց տուի առաջնորդ սրբազանին եւ Րաֆֆի ու Հենրի Սիսլեաններուն. անոնք զարմացան, թէ կարելի՞ է նման բան մը շինել, որովհետեւ բաւական մեծ գումարի կը կարօտէր: Անոնք ըսին, որ կ՛ուզէին աւելի պարզ բան մը եւ ոչ թէ` նման ծախսալից ծրագիր մը: Սակայն ես ըսի, թէ ծախսը հարց չէ, եւ սկսանք աշխատանքի: Սրահին անունը որոշեցին սրբազանն ու Ր. Սիսլեանը, եւ անիկա կոչուեցաւ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն սրահ»` ֆոնտին անունին նմանութեամբ:
Նախորդ շաբաթ նշուեցաւ սրահին եւ առաջնորդարանին կառուցման առաջին տարեդարձը. իր տպաւորութիւններուն եւ զգացումներուն մասին խօսելով` Երջօ Սամուէլեան յայտնած է, որ մեծ ուրախութիւն էր նման ձեռնարկի մը ներկայ ըլլալը, աւելի մեծ ուրախութիւն էր լսել, որ մէկ տարուան ընթացքին սրահին մէջ շուրջ 101 ձեռնարկ տեղի ունեցած է: Տարուած աշխատանքին յաջողութեամբ պսակուիլը գոհունակութիւն պատճառած է անոր, որովհետեւ ասիկա ցուցանիշ է, որ առաքելութիւնը յաջողած է: «Այս ձեւով պիտի շարունակենք պահել սրահը մեր հսկողութեան տակ, առանց որեւէ միջամտութեան, որպէսզի ապագայի ծրագիրները չխանգարուին», նշեց ան:
Տուեալ ծրագիրներ Լիբանանի մէջ իրականացնելու մասին խօսելով` Երջօ Սամուէլեան նշեց, որ դրդապատճառը այն է, որ ինք ծնած է Լիբանան, լիբանանցի է, հակառակ անոր որ 35 տարիէ Չինաստան կը գտնուի, չէ այցելած Լիբանան, բայց եւ այնպէս ուզած է օգտակար ըլլալ ծննդավայրին: «Հիմնական նպատակս այս էր, սակայն այլ նպատակ մըն ալ կը հետապնդէի. երբ հայրս եւ մայրս կորսնցուցի, ուզեցի իրենց անուան բան մը ընել: Ես Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ տարբեր գործունէութիւններ ունիմ, սակայն ինծի համար Լիբանանի մէջ իրականացած այս ծրագիրը ամէնէն կարեւորն էր», հաստատեց ան:
Ապագայի ծրագիրներուն ակնարկելով` Երջօ Սամուէլեան յայտնեց, որ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը կը ծրագրէ օժանդակել նաեւ համալսարանականներուն: «Նկատեցի նաեւ, որ Ազգային ծերանոցը բաւական օգնութեան կարիք ունի, եւ կը ծրագրենք օգտակար դառնալ անոր եւս: «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն սրահ»ի կապակցութեամբ կը ծրագրենք առաւել եւս զարգացնել զայն, որպէսզի ոչ միայն հայկական գաղութին կողմէ գործածուի, այլ նաեւ լիբանանցիներուն: Վերջերս առիթով մը պետական-պաշտօնական անձնաւորութիւններ այցելած են սրահ եւ զարմացած են` տեսնելով շինութիւնը: Ներկայիս ես հանդիպումներ կ՛ունենամ անոնց հետ եւ աշխատանք կը տանիմ, որ իրենք եւս ազատ զգան օգտագործելու սրահը»:
«Ազդակ»ի հետ զրոյցի աւարտին Երջօ Սամուէլեան հաստատեց, որ ինք միշտ պատրաստ է օգտակար դառնալու իր ծննդավայր Լիբանանին: Ան ցաւ յայտնեց այն մասին, որ այսօր լիբանանահայութեան մէջ կան հարուստներ, որոնք օգտակար չեն դառնար գաղութին:
Զրոյցը աւարտած էր, սակայն խորհրդածութիւնները կը շարունակուէին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ին հիմնադիրին հաստատումները, վերլուծումներն ու մանաւանդ նոր ծրագիրներու իրականացման մասին կատարած հաւաստիացումները մեզի մտածել տուին, որ այս գաղութին համար մտաւոր ներուժ պատրաստելու հրամայականը բոլոր ժամանակներէն աւելի ինքզինք զգալի կը դարձնէ: «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը այդ մարդուժի պատրաստութեան համար կայուն երաշխիք է: