ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՀՈՐԻԶՈՆԱՅԻՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ…
Սիրելի՛ ընթերցող, Վիեննայի Մխիթարեան մենաստանի 2011-ի տօնացոյցը մայիս 28-ի տակ կը ծանուցէ. «Տօն` վերածնեալ Հայաստանի եւ ազգային եռագոյն դրօշի (1918)»:
Անկասկած, Մխիթարեաններուն յատկապէս եւ հայերուն համար` ընդհանրապէս, «տօնական օր» է, ինչպէս իրաւացիօրէն կը մատնանշէ նոյն ծիսական օրացոյցը:
Եկեղեցական կամ վանապատկան տօնացոյցին նշումները տրուպիս մտաբերել կու տան Յիսուսի այս հրամայականը.«Գացէ՛ք եւ տուէ՛ք կեսարին, ինչ որ Կեսարին կը պատկանի, եւ Աստուծոյ, ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի» (Մտթ. 22,21):
Տէրունական այս խօսքին մէջ համահաւասարութեան հարց չկայ…: Կեսարը անցաւոր գործադիրն է ժամանակին մէջ, բայց Աստուած բացարձակ Տէրն է ժամանակին` ըլլալով Արարիչը տիեզերքին ու մարդուն:
Կեսարը ներկայացուցիչն է աշխարհական ու քաղաքական իշխանութեան, իսկ Աստուած պաշտամունքն է եկեղեցական ու հոգեւոր իշխանութեան: Մարդկային երկու իշխանութիւններուն ներդաշնակումը եւ անոնց սերտ գործակցութիւններու համադրումը կը պահանջէ Քրիստոս իր բացայայտ հրահանգով:
Այս հրահանգին գործադրումը կը տեսնեմ իմ սիրապաշտած Երկրիս հին ու նոր պետականութիւնները կերտող 451 եւ 1918 թուականներուն մէջ: Արդարեւ, Աւարայրի ու Սարդարապատի հերոսամարտերուն մէջ տիրական եւ գործօն ներկայութիւններն էին եկեղեցականները` միշտ քաղաքական ու զինուորական գործիչներուն կողքին:
Օրինակի համար, 1918 թուականին 451-ի Ղեւոնդ Երէց հանդիսացաւ Գարեգին Յովսէփեանց, անշուշտ` յարգելով տարբերութիւնները: Այս երկու կղերական անձնաւորութիւնները, որոնք խաչը բարձրացուցին ռազմադաշտին վրայ, մեզի կը յիշեցնեն որոշ ճշմարտութիւններ` անանցանելի՛ ու միշտ այժմէակա՛ն:
Յաղթանակները չեն շահուիր միայն դիւանագիտական ժողովներով ու պատերազմներով, այլ նաեւ ու մանաւանդ` աղօթքով եւ աղօթող կտրիճներու շնորհիւ:
Ռազմաքաղաքական յաջողութիւններուն համար անհրաժեշտ են աղօթքը եւ աղօթողները, որոնք կը սիրեն իրենց երկիրն ու կը զոհուին իրենց ժողովուրդին համար:
Յաղթութիւններն ու յաջողութիւնները յանգելու են խաղաղութեան եւ բարօրութեան, այլապէս չեն դրական նուաճումներ…: Խաղաղութեան անցամաքելի աղբիւրն է աղօթքը: Աղօթքը կեանք է: Կեանքի սիրերգն է:
Սիրերգը` քաջասրտութեան: Սիրերգը` ազատութեան: Սիրերգը` ազգանուիրումի: Սիրերգը` հայրենասիրութեան: Սիրերգը` երջանկութեան: Սիրերգը` խաղաղութեան: Սիրերգը` յաւերժութեան:
Մայիս 28-ի վաղորդայնի հեռապատկերով` պատմութիւնը չի կերտուիր միայն մարտիկներով, այլ նաեւ ու մասնաւորապէս` աղօթողներու ուժականութեամբ:
Աղօթքը կը ծնի հերոսներ: Աղօթքը կը կերտէ ազատարարներ: Աղօթքը կը դարբնէ նուիրեալներ: Աղօթքը կը ստեղծէ հայրենասէրներ: Աղօթքը կը կոփէ երջանկաբերներ: Աղօթքը կը կռանէ խաղաղարարներ: Աղօթքը կը պարգեւէ յաւերժացնողներ:
Նաեւ` աղօթքը կը յարուցանէ միասնակութեան ոգիէն թրծուած գաղափարապաշտներ, որոնք գիտեն ու կրնան իրագործել Յիսուսի այս անլուր եւ իմաստուն սահմանումը.«Չկայ աւելի մեծ սէր, քան` զոհել իր կեանքը բարեկամներուն համար» (Յվհ. 15,13):
Հայազգի «բարեկամներուն» պատկանելիութեան հասարակութիւնն է մեր հայրենիքը, որուն ազատութեան եւ անկախութեան խորանին վրայ ինքնամատոյց զոհեալներ կ՛ընծայէ աղօթքը:
Այսպիսիներուն շատ մեծ պահանջն ունին մեր ազգը, մեր հայրենիքն ու մեր սփիւռքը: Մեր ժողովուրդին բարօրութեան սիրավառ ջահակիրներն են յարատեւ աղօթողները:
Աւարայրի ու Սարդարապատի ոգիէն իր կեանքով եւ իր վաստակով անբաժանելի Սեբաստացի Մխիթար աբբահայրը, գերազանց աստուածասէրն ու ազգասէրը, լիովին համոզուած է, թէ ապահով ու բարօր է այն երկիրը, որ ունի աղօթողներու փաղանգ: Երջանիկ եւ խաղաղ է այն ժողովուրդը, որուն զաւակները գիտեն աղօթել եւ կ՛աղօթեն…:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 28 Մայիս 2011