ԱՐԴԵՕ՞Ք ՈՒՇ ԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայուն հաւաքական կեանքը կ՛անցնի զանազան հանգրուաններէ. աւելի կամ նուազ իմաստալից հանգրուաններէ: Վերջերս ապրիլ 24-ը անցուցինք լաւ կամ վատ. աւելի լաւ, քան` վատ: Լաւը այն է, որ ականատես եւ ականջալուր եղանք մեր երիտասարդութեան վճռական կեցուածքին: Այս իրողութիւնը, կարծեմ, մեզի կ՛օգնէ, որ չյուսահատինք եւ զինաթափ չըլլանք մինչեւ յառաջիկայ տարուան ապրիլի 24-ը:

Վերահաս մայիսի 28-ին մեր կուրծքերը կ՛ուռին հպարտութեամբ: Մինչ 24 ապրիլին, ճիշդ է, որ առաջուան պէս չենք լար այլեւս, սակայն մեր կուրծքերը հպարտութեամբ չեն ուռիր, այլ  դէպի ներս կ՛երթան, որուն պատճառով մեր կռնակները կը կորանան եւ մեզ կր դնեն ստրուկի դիրքին եւ հոգեբանութեան մէջ: Ուրեմն, հերթով, տարուան մէջ ապրիլին կու լանք եւ 34 օր ետք ուրախ ու հպարտ կ՛ըլլանք:  Ահա այդպէս է, որ կը  պահենք մեր հաւասարակշռութիւնը: Բայց ասով չի վերջանար: Կու գան նոր եղեռններ եւ նոր յաղթանակներ. ինչպէս` Պաքուի ջարդերը եւ Շուշիի ազատագրումը: Այստեղ մենք ակամայ կը յիշենք «Ձախորդ օրերը կու գան ու կ՛երթան, Վհատելու  չէ, վերջ կ՛ունենան» երգը: Բայց ե՞րբ: Երգը այդ մէկը չ՛ըսեր: Մինչ մենք կը սպասենք արդարութեան վերահաստատման:

Հոս այլեւս համբերելը առաքինութիւն չէ: Եթէ մէկը քու ընտանիքիդ անդամները կը սպաննէ, կը խողխողէ, այլեւս չես սպասեր: Կ՛ընես այն, ինչ որ հակադարձութիւնը քեզի կը թելադրէ: Վրէժ կը լուծես: Ինչ որ ըրին մեր ֆետայիները: Շատ բնական, մարդկային հակազդեցութիւն է: Եւ ո՛վ որ կը մեղադրէ զանոնք, անկասկած վատոգի է, վեհերոտ եւ ստրուկի հոգի ունի: Այս տեսակի անհատներ հայ պէտք չէ կոչուին: Պէտք է ըլլալ խիզախ եւ յանդուգն` տիրանալու համար իրաւունքիդ: Նոյնն է նաեւ ժողովուրդներու համար:

Հիմնական հարցումը ասիկա է. եւ այս հարցումին պատասխանէն կախեալ է մեր ապագայ ռազմավարութիւնը: Ասիկա կը նմանի մօտաւորապէս Սուրբ գիրքի այն խօսքին, թէ քրիստոնեան կը մտնէ նեղ դռնէն, որ զինք ի վերջոյ կը տանի մինչեւ արքայութիւն: Բայց եթէ այդ դուռը լայն է, մարդիկ կը մտնեն-կ՛ելլեն առանց կաշկանդումի եւ ի վերջոյ կ՛երթան դժոխք, կամ լաւագոյն պարագային` քաւարան: Մենք ո՞ր դռնէն կ՛ուզենք անցնիլ: Նեղէ՞ն, թէ՞ լայնէն:

Իսկ ի՞նչ է դժոխքը հայուն համար: Օրինակ անկեղծ հայուն համար իր համայնքէն հեռու ապրիլը դժոխք է: Չկարենալ վայելել հայուն արուեստը, գրականութիւնը եւ չբաժնել հայուն պատմութիւնը, հայոց պատմութիւնը եւ դերակատար չըլլալ անոր մէջ` կրնայ դժոխք ըլլալ: Եւ, ի վերջոյ, գիտենք, թէ արուեստն է, որ կեանքը կը գեղեցկացնէ. ուրեմն հայ արուեստն է, որ հայ մարդուն կեանքը կը գեղեցկացնէ եւ տանելի կը դարձնէ: Եթէ հեռու եւ զրկուած ես այս բոլորէն, ուրեմն ասիկա եւս դժոխք է գիտակից հայուն համար:

Հետեւելով այս տրամաբանութեան` կրնանք ըսել ուրեմն, որ սփիւռքը հայուն դժոխքն է, դժոխք մը, զոր ընդհանրապէս եւ դժբախտաբար կարգ մը հայեր կը ցանկան:

Երկիր մը կրնայ անկախ ըլլալ, բայց եթէ այդ երկիրը կազմող մարդիկը անկախ չեն հոգեպէս եւ տնտեսապէս, ուրեմն այդ երկրին անկախ ըլլալը ոչինչ կը նշանակէ: Հետեւաբար, այսպէս է, որ ժողովուրդներ կը լքեն իրենց երկիրը եւ կը գաղթեն հեռաւոր վայրեր, ուր յոյս կայ իրենց վիճակի բարելաւման: Ասիկա ընդհանրապէս կը պատահի սփիւռք ունեցող երկիրներուն մէջ: Ինչպէս գիտենք, սփիւռքը կու գայ սփռել բայէն, որ կը նշանակէ տարտղնել, եւ տարտղնուած ժողովուրդներու ճակատագիրը յայտնի է: Անոնք երբեք պիտի չկարենան արմատ նետել նոր երկրին մէջ, եւ ի վերջոյ պիտի չորնան եւ անհետանան: Տխուր հեռանկար:

Տխուր հեռանկարները շատ են, եթէ մէկ առ մէկ թուենք զանոնք: Մօտիկ ապագային պիտի կորսնցնենք այնպիսի արժէքներ, զորս դժուար է փոխարինել: Օրինակի համար, մեծ վտանգ կը սպառնայ մեր լեզուին, մեր գրականութեան եւ մեր երաժշտութեան մէկ խօսքով` մեր աւանդութիւններուն եւ մեր անփոխարինելի մշակոյթին: Ասոնց մէկ մասին մեղքը մերն է` հայերուս. մէկ ուրիշ մասը, որ կրնանք բարդել արդի կեանքի զարգացումներուն վրայ, միայն մեզի սպառնացող վտանգը չէ. անիկա համաշխարհային է:

Եթէ կարդաք երեքշաբթի, մայիս 24-ի «Ասպարէզ»ը, հոն պիտի գտնէք երկու գրութիւններ, որոնք իսկական ՏԽՈՒՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ կը պարզեն: Անոնցմէ առաջինը թերթին խմբագրականն է, ստորագրուած խմբագիրին` Աբօ Պողիկեանի կողմէ, Հայաստանէն արտագաղթին մասին, որ խորագրուած է` «Արտագաղթի հոմանիշը»: Իսկ երկրորդը, որուն երկարաշունչ խորագիրն է «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը», ստորագրուած է Դալար Շահինեանի կողմէ. արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը` Պետօ Տեմիրճեանի:

Վերոյիշեալ երկու գրութիւնները կը պարզեն գիտակից արեւմտահայուն երկու մեծ ցաւերը:

Աբօ Պողիկեան այսպէս կը սկսի իր գրութիւնը. «Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան «միգրացիոն» (գաղթականական) ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան, հայերէն լեզուահարստացման գործին բերած է իր նպաստը` «ոչ սպառնալի չափերով արտագաղթ» հասկացողութեան հոմանիշի մը գիւտով: Ըստ Եգանեանի, երկիրէ մը ոչ սպառնալի չափերով հեռացումը բացատրող լաւագոյն բառը «ուղեւորահոսք» է, որ Հայաստանի պարագային, ունի նաեւ իր թուական սահմանումը` քսանհինգ հազարէն ոչ աւելի»: Իսկ, գրութեան վերջին պարբերութիւնը, եզրակացութիւնը կը մատնէ խմբագիրին իրաւացի մտահոգութիւնը:

«Այս թուաբանական հաշիւներուն մէջ խճճուիլը անիմաստ է: Մեզ մտահոգողը, նոյնիսկ խուճապի մատնողը, այն փաստն է, որ պետական կառոյցին մէջ կ՛աշխատին մարդիկ, որոնք այսօրուան Հայաստանէն քսանհինգ հազար քաղաքացիներու արտագաղթը սպառնալի չեն գտներ մեր երկրին համար: Նման պաշտօնեաներ մեր բառարանին մէջ կը կոչուին ապազգայիններ, որոնց «ուղեւորահոսք»ը պէտք է շտա՛պ իրականանայ»:

Ի՜նչ խօսք, որ խմբագիրը մատը կը դնէ այնպիսի ցաւոտ կէտի մը վրայ, որ մեզմէ շատերուն եւս մտահոգութեան թարգման կը հանդիսանայ: Ճիշդ է, որ մենք գիտենք մեր հայրենակիցներու ներկայի գործնական փիլիսոփայութիւնը. այդուամենայնիւ վերոյիշեալ բացատրութիւնը իսկապէս եւ խորապէս կը մտահոգէ մեզ: Եթէ մեր հայրենիքի վարիչները այդպէս կը մտածեն, մենք այլեւս թուրքին պէտք չունինք մեր արժէքներու ոչնչացման համար:

Դալար Շահինեանի յօդուածը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը` «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը», մեզ կը տանի տեղ մը, ուր յաճախ այցելած ենք` առանց տեղ հասնելու: Բայց եթէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  նման հեղինակաւոր աղբիւրէ մը կու գայ այս ազդարարագիրը, հայերը կը լսեն: Կարդանք յօդուածին մուտքը. «Այս տարուան (2010) փետրուարին արեւմտահայերէնը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային ատլասին մէջ`  վտանգուածութեան մակարդակներէն «հաստատօրէն վտանգուած» կարգավիճակով: «Խոցելի»է  մինչեւ «մեռած» հինգ աստիճաններէն` «հաստատօրէն վտանգուած» կը համարուին այն լեզուները, որոնք այլեւս չեն ուսուցուիր երեխաներու իբրեւ մայրենի լեզու` իրենց երկիրներուն մէջ: Վտանգուածութեան մակարդակները, որոնք կը չափեն խոցելի լեզուներու նուազող կենսունակութիւնը, մշակուած են լեզուի մը սերունդէ սերունդ փոխանցումի հիմքին, ինչպէս, այլ տուեալներու կարգին, լեզուն խօսողներու բացարձակ թուաքանակին կամ ընդհանուր բնակչութեան մէջ լեզուն գործածողներու տոկոսին վրայ: Լեզու մը մեռած, հանգած կը համարուի, երբ որոշ ժամանակաշրջան մը չի փոխանցուիր սերունդէ սերունդ եւ զայն խօսողներ այլեւս չեն մնար»:

Նայինք մեր չորս կողմը: «Սփիւռքեան հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց գործունէութիւնները սկսած են երկլեզու կատարել, եւ արեւմտահայերէնով վարչական կիրարկումը այնքան նուազած է, որ խորհրդանշական բնոյթ ստացած է այլեւս»: Միութեան մը տարեց անդամները արդարօրէն կը դժգոհին այս վիճակէն, որովհետեւ անոնք լաւ չեն հասկնար ըսուածները կամ գրուածները, եւ այս պատճառով անոնք ա՛լ կը դադրին միութիւններու անդամակցութենէ:

«Լեզուի լրագրողական գործածութիւնը նոյնպէս անկումի մէջ է սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ընթերցողներու քանակի նուազումին պատճառով (վկայ` Փարիզի մէջ հրատարակուուղ 84-ամեայ «Յառաջ» թերթի անցեալ տարուան փակումը)»: Ինչ կը վերաբերի չփակուող թերթերուն, այստեղ եւս վիճակը մխիթարական չէ: Երբ ելեկտրոնային մամուլը գայ փոխարինելու գրաւոր մամուլը, ինչ որ անխուսափելի է, մեծ տեղաշարժ մը տեղի պիտի ունենայ այդ բնագաւառին մէջ եւս: Տարիքի պատճառով կարգ մը բաժանորդներ ակամայ պիտի հրաժարին այդ յարմարութենէն, մանաւանդ եթէ համակարգիչը միայն անգլերէնով հրատարակէ թերթին բովանդակութիւնը:

«Լեզուին եկեղեցական գործածութեան գալով` կը թուի թէ, երիտասարդ սերունդը արեւմտահայերէնին կը մօտենայ ինչպէս գրաբարին, որ կ՛օգտագործուի պատարագ մատուցելու, բայց ոչ` կրթական կամ գործնական նպատակներու: Ուրեմն արեւմտահայերէնը ի՞նչ եղած է իբրեւ գրականութեան մղիչ ուժ»: Կարելի է ըսել, թէ ան դոյզն իսկ ազդեցութիւնը չէ ունեցած: Արդէն,  տասնամեակէ մը ի վեր, հայերէնին ծանօթ անհատներու թիւը տակաւ կը նուազի, ո՛ւր մնաց գրականութեամբ զբաղող եւ զայն փնտռող հայերու քանակը: Բացի մէկ ձեռքի վրայ համրուող գրողներէ, որոնք արեւմտահայերէն գրել սկսած են քսաներորդ դարու կէսերէն եւ, ինչպէս որ ժողովուրդը կ՛ըսէ` «մէկ ծաղիկով գարուն չի գար», հեռանկարը դարձեալ տխուր է:

Շարունակելով մեր պտոյտը ազգի պարտէզին մէջ` հոն կը տեսնենք մեծ արժէք մը, որ նաեւ, հակառակ բոլոր ճիգերուն, տեղէն չի կրնար շարժիլ: Հայ դատն է անիկա, որ կը հետապնդէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներէն: Իմ համեստ կարծիքով, մենք այլեւս պէտք է ընդունինք, մեր իսկ     մտային առողջութեան սիրոյն, որ ոչ մէկ նախագահ պիտի գործածէ «ցեղասպանութիւն» բառը: Մոռնանք այդ մէկը եւ մղենք Հայաստանի նախագահը` իբրեւ մեր պետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին, որ ինք աշխատանք տանի այդ ուղղութեամբ: Քիչ մը գործնական ըլլանք մեր հայրենակիցներուն պէս: Եւ, անդրադառնալ, որ վաչկատուն եւ ոճրագործ ցեղի մը ժառանգորդները աշխարհի մեծագոյն պետութեան իրենց կամքը կը պարտադրեն, ընդվզեցուցիչ է: Ի՞նչ ըսել է ասիկա: Անոնց մէկ խօսքը աւելի կ՛արժէ, քան` մեր լացակումած խնդրանքները: Այս ուղղութեամբ մօտաւոր եւ ապագայի հեռանկարները տխուր են` ոչ Հայ դատին նուիրեալ ծառայողներու տկար աշխատանքին պատճառով: Ընդհակառա՛կը:

Վերադառնալով արեւմտահայերէնի հարցին` Դալարին սպառիչ յօդուածը իր եզրակացութեան մէջ քիչ մը յոյս կը ներշնչէ լեզուի մեր ճիւղին վերակենդանացման համար, ցոյց տալով նախընթաց օրինակներ: Այստեղ եւս, կ՛ըսէ ան, վերակենդանացումը նիւթական միջամտութեան կը կարօտի:

Ո՞ւշ ենք արդեօք:

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Share this Article
CATEGORIES