Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Կակոյի «Պրոնզէ Քանդակները – 2013» Ցուցահանդէսի Հանդիսաւոր Բացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ  հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններու, հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ հայրենի քանդակագործ Կակոյի (Գագիկ Գէորգեան) «Պրոնզէ քանդակներ – 2013»   ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու:

Բացման խօսքը արտասանեց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ Կակոյի համար Լիբանանը թէ՛ իր արուեստի կիրարկման իմաստով եւ թէ՛ արուեստասէր հանրութեան ներկայանալու առումով հարազատ միջավայր մըն է: Տէրտէրեան Համազգայինի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններուն, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան Համազգայինի հրատարակչական ծրագիրներուն:

Սիւզի Տէրտէրեան

Սեւան Պաղճեան

Տէրտէրեան անդրադարձաւ նաեւ Կակոյի բարձրորակ արուեստին` հաստատելով, որ անոր քանդակները կը խօսին մեզի, կը պատգամեն ու թռիչքի գաղափարով կը պարուրեն մեզ: Անոր քանդակները ինքնավստահ, հպարտ ու բարձրաճակատ կը նային արուեստասէրին: Ան մաղթեց, որ Կակօ իր քանդակներով մնայ բարձրաճակատ, իր համեստութեամբ դառնայ համակող ու մտածումի եւ զգացումի խորութեամբ շարունակէ հարստացնել մեր մշակոյթի շտեմարանը:

Իբրեւ եզրակացութիւն Տէրտէրեան Համազգայինի ցուցասրահին անունով յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտին` հաստատելով, որ Կակօ բոլոր տուեալները ունի նուաճելու միջազգային մեծ բարձունքներ:

Ապա հովանաւոր ընտանիքի անունով իր խօսքը փոխանցեց Սեւան Պաղճեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հասակ առած եւ ասպարէզի բերումով արտասահման հաստատուած իրենց ընտանիքի անդամներուն հետաքրքրութեան առանցքը միշտ ալ եղած է իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն կողքին` լիբանանահայ գաղութի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ արձանագրած նուաճումները:

Կակօ (Գագիկ Գէորգեան)

Ան աւելցուց, որ սփիւռքահայ կեանքին մէջ 85  տարիներու պատմութիւն կերտած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային մեծ կազմակերպութիւնը միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած է հայ արուեստագէտին, եւ ասոր մեծագոյն ապացոյցներէն մէկը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին բեղուն գործունէութիւնն է: Ան իրենց ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին` նախ եւ առաջ  իրենց ընծայուած հովանաւորութեան պատիւին համար, ինչպէս նաեւ հայ արուեստագէտը քաջալերելու եւ նոր տաղանդներ յայտնաբերելու ցուցասրահի կատարած ներդրումին համար: Ան բարի երթ եւ յարաճուն վերելք մաղթեց նաեւ արուեստագէտին:

Բացման հանդիսութեան վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Կակօ` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին եւ մաղթելով, որ իր քանդակներով յաջողի արուեստասէրը ուրախացնել եւ անոր մէջ արուեստի նկատմամբ վայելքի յիշատակելի պահ մը ստեղծել:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 26 օգոստոս, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, իսկ շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Ցուցադրութեան դրուած են 25 քանդակներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )