Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան` Անթիլիասի Մէջ
Հինգշաբթի, 8 օգոստոս 2013-ի առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը:
Անձնական այցելութեան բնոյթ կրող սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առնչուած հարցեր:
Ապա սրբազան պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:
CATEGORIES Գաղութային

