Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան պատճառը երկրին մէջ ստեղծուելիք հաւանական անիշխանութեան կանխարգիլումն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք անհրաժեշտ նկատեց ազգային համախոհութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը` շեշտելով, որ իրենք չեն փափաքիր, որ երկրին մէջ անիշխանութիւն տիրէ:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց Լիբանանը դուրս բերելու քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մութ փապուղիէն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ պահանջեց վերջ մը դնել Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան. ան կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւն մը կազմելու:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք յայտնեց, որ իսլամական արգելափակեալներուն դէմ արձակուած վճիռները քաղաքական են: Ան կոչ ուղղեց ազատ արձակելու լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող իսլամական բոլոր արգելափակեալները եւ շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կացութիւնը որեւէ պահու կրնայ բռնկիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Նաժի Հայեք յայտնեց, որ չէզոք կառավարութիւնը համազօր է անիշխանութեան` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ զիրենք կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իրաւունքէն զրկել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր սահմանադրութիւնը բարեփոխելու, որովհետեւ երկիրը սառեցնելու որոշումը վարչապետին մօտ կը գտնուի:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ իր դաշնակիցներուն հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերութիւնը չէ խզուած եւ գլխաւոր հարցերուն առնչութեամբ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ չկան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարելի կ՛ըլլայ հիմնել, երբ բոլոր ուժերը միասնականութեամբ կը դիմադրեն թշնամի Իսրայէլի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը Լիբանանը, անոր հաստատութիւնները եւ շահերը անիշխանութենէ պահպանած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը պատերազմի ենթակայ կը դարձնէ, ինչպէս նաեւ կը ջանայ լիբանանեան պետութեան աշխատանքը սառեցնել: Ան հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղի հետ: Հանդիպումէն ետք Սայեղ յայտնեց, որ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դրուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ այս օրերուն Դիմադրութիւնը կ՛ենթարկուի տեղական եւ շրջանային վատագոյն արշաւին` աւելցնելով սակայն, որ իրենք միայն Դիմադրութեան յաղթանակին վրայ գրաւ կը դնեն:

