Արապ Ֆաուրի Մէջ Բանակը Կը Ձերբակալէ Կարգ Մը Կասկածելիներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ երբ անոր մէկ ջոկատը Պեքաայի Արապ Ֆաուր շրջանին մէջ ներխուժումներ կատարած է` ձերբակալելու համար կարգ մը կասկածելիներ եւ դատական իշխանութեան կողմէ պահանջուած յանցագործներ, անոր աշխատանքը խոչընդոտել փորձած են կարգ մը քաղաքացիներ:

Հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը ենթարկուած է քարկոծումի եւ կրակոցի, որուն պատճառով վնասուած են անոր զինուորական մեքենաները:

Բանակը հակադարձած է կրակոցներուն եւ վիրաւորած երեք անձեր, որոնցմէ մէկը աւելի ուշ մահացած է:

Բանակի հրամանատարութիւնը այլ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ  արեւմտեան Պեքաայի մէջ ձերբակալած է 8 զինեալներ, որոնք սուրիական եւ պաղեստինեան քաղաքացիութիւն կը կրէին: Անոնք ապօրինի կերպով Արսալէն մուտք գործած էին Լիբանան եւ կ՛ուղղուէին Սայտա` Ահմետ Ասիրի կողքին կռուելու նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES