Իսրայէլ Մտահոգ Է Հըզպալլայի Կողմէ Իր Զինուորները Գերեվարելու Գործողութիւններու Հաւանականութեամբ
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը մտահոգ է Հըզպալլայի կողմէ իր զինուորներուն դէմ կատարուելիք գերեվարութեան գործողութիւններուն հաւանականութեամբ:
Վերոնշեալ մտավախութիւնները ի յայտ եկած են անցեալ շաբթուան ընթացքին Լապպունէի մէջ արձանագրուած ականահարումի դէպքէն ետք` նկատի ունենալով, որ այդ դէպքը իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան մօտ մեծ բանավէճ յառաջացուցած է:
Իսրայէլեան բանակի բարձրաստիճան սպայ մը յայտնեց, որ Լապպունէի դէպքին հետեւելով, Հըզպալլայի զինեալները կրնան թակարդներ լարել եւ իսրայէլացի զինուորներ գերեվարել, որովհետեւ Հըզպալլայի զինեալները զգուշ կը հետեւին իսրայէլացի զինուորներու իւրաքանչիւր քայլափոխի:
«Հակառակ անոր որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային իրավիճակը 7 տարիէ ի վեր կայուն է, սակայն Հըզպալլա ամէնօրեայ դրութեամբ կը ջանայ իսրայէլացի զինուորներ գերեվարել», ըսաւ նոյն սպան:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Մարթին Նսիրքի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միացած է հետախուզական յատուկ ջոկատ մը` Լապպունէի դէպքին վերաբերող հետաքննութեան հսկելու:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային միջադէպը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմ մը սանձազերծելու նախաքայլը կը նկատուի:
Ան խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը, թէ իսրայէլացի զինուորները կը պաշտպանեն Իսրայէլի սահմանները: «Ինչպէ՞ս կարելի է Իսրայէլի սահմանները լիբանանեան հողերէն պաշտպանել», հարց տուաւ Մանսուր:
Ան վերահաստատեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի մէջ իր մնայուն ներկայացուցիչին միջոցով պիտի բողոքէ Իսրայէլի կողմէ սահմանային այս խախտումին դէմ` ներկայացնելով անոր վերաբերող բոլոր տուեալները:
Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ Լապպունէի հետաքննութեան աւարտէն ետք, այդ մասին տեղեկագիրը ուղղակի պիտի փոխանցուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան: