Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միաւորման Կամաւորները

 

 

 

 

 

 

 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 9 օգոստոսին ընդունեց ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միաւորումի կամաւորները, որոնք Ֆրանսայէն Արցախ եկած են «Երկիր» բարեգործական նախագիծի շրջագիծին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ Կարէն Միրզոյեան կարեւոր նկատեց «Նոր սերունդ»-ի կողմէ տարուող աշխատանքը եւ ընդգծեց նման նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման շրջագիծին մէջ:

Իրենց կարգին, երիտասարդական միաւորման ներկայացուցիչները նախարարին ներկայացուցին իրականացուող ծրագիրը` ուղղուած Ստեփանակերտի եւ Մարտակերտի երիտասարդական կեդրոններու վերանորոգման, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ 7-14 տարեկան երեխաներու համար ժամանցի կեդրոնի բացումին

Միրզոյեան նաեւ պատասխանեց հարցումներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներուն:

Հանդիպման աւարտին երիտասարդական միաւորումի անդամները Կարէն Միրզոյեանին շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար` յոյս յայտնելով, որ նմանատիպ հանդիպումները շարունակական բնոյթ կրեն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )