«Ոեւէ Վարչապետ Պէտք Է Չորս Առաջնահերթ Գործողութիւն Իրականացնէ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան պատասխանելով nyut.am կայքէջի այն հարցումին, թէ եթէ ինք ըլլար վարչապետ, ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէր Հայաստանը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու համար, նշեց, որ առաջնահերթ քանի մը գործողութիւններ կան, զորս որեւէ կառավարութիւն եւ վարչապետ պէտք է նախաձեռնէ:

Անոնցմէ առաջինը աշխատատեղերու ստեղծումն է: Պետութիւնը պատրաստ է իւրաքանչիւր աշխատունակ եւ աշխատանքի ցանկութիւն ունեցող անձի համար աշխատատեղեր եւ եկամուտ ապահովելու անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել:

Երկրորդ կարեւոր գործողութիւնը, զոր պէտք է իրականացնէ իւրաքանչիւր վարչապետ, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգի ստեղծումն է:

«Այսօր թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ որակական առումով Հայաստանի աշխատանքային շուկան չի համապատասխաներ արդար վարձատրութեամբ ձեւաւորուած տնտեսական-ընկերային միջազգային փորձով հիմնաւորուած մօտեցումներուն», յայտնեց Մինասեան:

Երրորդ կարեւոր ուղղութիւնը, որ իւրաքանչիւր վարչապետ պէտք է զարգացնէ, Մինասեանի կարծիքով երկրին անվտանգութեան մէջ էական դերակատարութիւն ունեցող սահմանամերձ բնակավայրերու ընկերային-տնտեսական զարգացման յստակ նախաձեռնութիւններու իրականացումն է` իբրեւ երկրի անվտանգութեան պաշտպանութեան բարձրացման որոշակի գործողութիւն:

Իսկ չորրորդ կարեւոր գործողութիւնը դատաիրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներու նախաձեռնումն է, երկրին մէջ արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան սկզբունքին գործադրումը:

 

Share this Article
CATEGORIES