Հալէպ-Երեւան Ճամբուն Վրայ Դարձեալ Հայ Երիտասարդներ Կ՛առեւանգուին
Թուրքիոյ սահմանին մօտ շաբաթ օր դարձեալ յարձակումի ենթարկուած է Հալէպ-Երեւան օթոպիւս մը: Առեւանգուած են 4 հայ տղամարդիկ, նախնական տուեալներով` 3-ը ուղեւորներ են, 1-ը` վարորդը:
Առեւանգեալներուն ճակատագիրը անյայտ է: Օթոպիւսին մէջ եղած են նաեւ ազգութեամբ հայ կիներ եւ աղջիկներ, որոնք վերադարձած են Հալէպ:
Դարձեալ շաբաթ օր Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ արձակազէնի կրակոցէն 30-ամեայ հայ տղամարդ մը վիրաւորուած է: Բարեբախտաբար վիրաւորին վիճակը ծանր չէ:
CATEGORIES Գաղութային

