Ազրպէյճան Պատրաստ Է Վերադարձնելու Հայ Զինուորը

Ազրպէյճանական տարածքին մէջ օրեր առաջ գերեվարուած հայ զինուոր մը` 22-ամեայ Յակոբ Ինջիղուլեան, շաբաթ օր տեղափոխուած է Պաքու եւ այժմ կը գտնուի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ: Այս մասին ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն յայտարարած է Ազրպէյճանի գերիներու, անյայտ կորսուածներու եւ պատանդներու հարցերով պետական յանձնախումբի քարտուղար Շահին Սայիլով:

Վերջինիս համաձայն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները շուտով հանդիպում պիտի ունենան հայ զինուորին հետ, եւ հանդիպումին ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ պիտի քննարկուի անոր` Հայաստան վերադառնալու հարցը: «Եթէ գերավարուած հայ զինուորը նման ցանկութիւն յայտնէ, պիտի վերադարձուի, ամէն ինչ կախուած է անոր կամքէն», ըսաւ Սայիլով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )