Տեսակէտ. Եկեղեցական Նոր Տագնապի Մը Դէմ Յանդիման

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Կ՛ենթադրուի, թէ ազգային խնդիրներով քիչ թէ շատ մտահոգ ոեւէ հայ մարդ կարդացած պէտք է  ըլլայ  համացանցի ճամբով Ամենայն հայոց կաթողիկոսին «խոտորումներուն» մասին շրջանառութեան դրուող գրութիւնները, որոնք յաւելեալ շեշտ ու ծաւալ եւ յաճախականութիւն ստացան յատկապէս ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականէն ետք` հրաժարագրին ու անոր դրդապատճառին հրապարակումով, բացայայտումով:

Ստորագրուածները ընդհանրապէս կողմնորոշեալ յայտարարութիւններ են` ըստ պատշաճի մտահոգութիւն արտայայտող բանաձեւումներով: Միւսները անհասցէ ու հեղինակ (ներ)ի ինքնութիւնը անյայտ`  «քահանաներու միութիւն», «Թորոնթոյի հաւատացեալներ» եւ այս կարգի տարտամ ստորագրութիւններով գրութիւններ, որոնց «լրջութիւնը» կը կայանայ հետաքրքրութիւն յարուցող իրենց բովանդակութեան մէջ , Ամենայն հայոց կաթողիկոսին մասին ըլլալնուն  համար:

Մինչեւ հոս կարդացողը  թէեւ հարցականներ կ՛ունենայ, բայց կ՛անցնի, չի յամենար անոնց վրայ` սպասելով ապագայ զարգացումներուն:

Սակայն հիմա նոր իրականութիւն մը ծանրակշիռ կը դարձնէ կացութիւնը` խորունկ տագնապի մը նախանշաններով եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով:

Ամենայն հայոցին դէմ նախաձեռնուած արշաւին կը միանայ նաեւ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկուն գահակալը` հայկական Երուսաղէմի նորընտիր պատրիարքը, որ բացէ ի բաց, նոյնինքն Գարեգին Բ-ին ուղղած իր նամակով ծանր հարուած կու տայ Էջմիածնի հեղինակութեան`  Ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականի մասին Գերագոյն խորհուրդի «պատկեր անդամներ»-ու յուլիս 31-ի տխրահամբաւ ժողով»-ին տուած որոշումը հռչակելով  «անընդունելի» եւ «մեծ անարդարութիւն», յառաջագունէ վճռուած` նոյնինքն վեհափառին կողմէ: Տակաւին, ակնարկելով կաթողիկոսին գործելակերպին, սաստերով ու սպառնալիքներով տնօրինումներ կատարելու վարքին, բառացի կը գրէ. «Սպառնալիքը չի պատշաճիր կրօնականին, մանաւանդ` բարձրաստիճան Ամենայն հայոց հայրապետին»: Նամակին տողերէն ու տողատակէն յստակօրէն կասկածի տակ կը դրուի Գարեգին Բ.ի արժանաւորութիւնը ոչ միայն կաթողիկոսական , այլեւ նոյնիսկ  կրօնականի հանգամանքին համար: Ապա նամակով ըսուածները կեցուածքի վերածելով` կը յայտնէ , թէ Երուսաղէմը պիտի չմասնակցի սեպտեմբերին համար ծրագրուած եպիսկոպոսական ժողովին: Հասկնանք. կարճ ու կտրուկ` պոյքոթի կ՛ենթարկէ ժողովը: (Ի դէպ, Երուսաղէմը հինէն, այդ «պատկեր» անդամներով իսկ հոգեւոր խորհուրդ չունի, որուն մաս կազմած ըլլան աշխարհականներ):

Ամենայն հայոցին վերագրուող անպատշաճ վերաբերումներուն ու անարդար տնօրինումներուն համար հաւատալու փաստացի հիմքեր չունինք, ինչպէս նաեւ ըսուած-գրուածներուն չհաւատալու պատճառ ալ չունինք : Պարզապէս կը կարդանք, կ՛իրազեկուինք եւ մանաւանդ կը մտահոգուինք,  չափազա՜նց :

Առ այժմ կը խուսափինք հայ եկեղեցականութեան մէջ նոր ճեղքեր տեսնելու փորձութենէն եւ կանխահաս կը նկատենք պարզուած երեւոյթին քննարկում-վերլուծումը կատարելու համար, այսուհանդերձ առիթ կը համարենք երեք կէտերու մէջ խտացնելու կարգ մը մտածումներ.

Առաջին. Մեր գիտութեամբ, առաջին անգամն է, որ եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողով պիտի գումարուի, գէթ` Անթիլիաս-Էջմիածին վարչական բնոյթի տարակարծութիւններու

ստեղծումէն այս կողմ: Փափաքելի պիտի ըլլար,  որ անիկա յաջողութեամբ պսակուէր եւ մնայուն,  կառուցային հանգամանք ալ ստանար,

որպէսզի ընթացք առնէր հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը եւ լուսարձակի տակ դրուէր որակեալ ու առաքինի եկեղեցականներ պատրաստելու առաջնային խնդիրը, որուն անհրաժեշտութիւնը այնքան կը շեշտուի ամէն պատեհ առիթի: Դժբախտաբար, սակայն, յառաջագունէ, բացումէն 50 օրեր առաջ  արդէն իսկ վիժած կարելի է համարել ժողովը` խափանուած ըլլալով Երուսաղէմի պատրիարքութենէն :

Մեր կարծիքով, նպատակայարմար պիտի ըլլար, որ պատրիարքը հակառակ ուղղութիւնը որդեգրէր: Հետամտէր անոր յաջողութեան եւ ֆրանսահայոց առաջնորդը իր հետն ունենալով` գործօն մասնակցութիւն բերէր ժողովին: Հոն, յատենի ժողովոյ, իր իսկ հրապարակած եղելութիւններուն ճշդութիւնը բարձրաձայնելով`  սրբագրութեան պահանջներ կայացնէր, ինչ որ ինքնին պիտի կազմէր եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ձգտող նախանշանը, առաջին ձայնը, նոյնիսկ եթէ փոքրաթիւ համախոհներ միայն պիտի գտնէր եւ պահանջը  պիտի հանդիպէր «գարշապար լիզողներու» խուլ ականջներուն…

Երկրորդ . Թնդանօթ մը նետուած է եկեղեցւոյ ծոցին մէջ: Տագնապը կրնայ հետզհետէ  խորանալ` անկանխատեսելի հետեւանքներով , եթէ շուտով անոր առաջքը չառնուի: Մեր համոզումով, ճիգ պէտք չէ խնայուի, որպէսզի անիկա  մնայ եւ իր լուծումը գտնէ եկեղեցական շրջանակի մէջ: Վճռականօրէն խափանուի  մէկ կամ միւս կողմին զօրակցող ճամբարներու ստեղծման որեւէ փորձ` արգիլելով անոր  ներազգային խնդրի վերածուելու նուազագոյն հաւանականութիւնը:

Առիթով մը Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէր, թէ Էջմիածինը իբրեւ հոգեւոր կեդրոն` բնականօրէն խոր արմատներով ամրօրէն խարսխուած է հայ մարդու հոգիին մէջ, քանի որ դարերու երկայնքին, հիմնադիր սուրբէն` Լուսաւորիչէն սկսեալ սրտառուչ աւանդութիւններ ու պատմութիւններ եւ շարան-շարան մեծութիւններ կապուած են իր անունին: Իսկ Անթիլիասը դարէ մը պակաս իր գոյութեամբ տեղ գտած է հոգիներու մէջ` շնորհիւ իր ծառայութեան…

Զգո՜ւշ. որքան ալ բարձրաստիճան, վեղարաւորի մը կամ վեղարաւորներու պատճառով չխախտի հայ հոգիներու մէջ արմատացած հաւատքի խարիսխը: Իսկ Անթիլիասին համար  ահա նորովի ծառայութիւն, որպէսզի միջնորդական նախաձեռնութիւններով փարատէ-չքացնէ տագնապը:

Երրորդ. Յայտնօրէն հայ կեանքը թեւակոխած է նոր փուլ, ուր ոչ մէկ կառոյց ու հանգամանք կը խնայուի, գէթ` անոնց վարքագիծն ու շարժուձեւերը, գործունէութիւնն ու գործելակերպը, ընտրանքներն ու ոչ ընտրանքները սեւեռումի տակ առնելու, քննադատութեան ենթարկելու եւ դատապարտանքի խօսքեր հանրութեան հասցնելու տեսակէտէն: Կը թուի, թէ հայ մարդոց մօտ չքացած են կարգ մը զգայութիւններ, կամ`  դրական ընկալումով, ինչպէս որ պիտի ըսէր բարեկամ մը  թէ` մտայնութեանց մէջ տապալած են ալ թապուները…

Երեւոյթը առողջացման նշա՞ն է  արդեօք, թէ՞ ոչ:   Ո՞ւր պիտի յանգեցնէ հայ իրականութիւնը: Կարեւոր չէ նախատեսելը: Կարեւորը գիտակցիլն է, որ մեր կեանքը

մտած է ընթացքի մը մէջ, որ դժուար թէ կարելի ըլլայ շրջել կամ կասեցնել բոցաշունչ յորդորներու տկար զէնքով:

Ներկայիս, վերընթերցումի համար մեր ձեռքին է Յակոբ Օշականի «Մոռցուած բաներ» արձակը: Ազդեցութեան տակն ենք մեծ գրագէտին սա մտածումին. «Ու լաւ իմացէք. Գիրքեր չեն բաւական` սպառելու ամբողջ շարանը այն զգայնութիւններուն, որոնք յանձնուած են մէկ հատիկ սրբավայրի իսկ շրջանակին, բիւրաւոր սիրտերէ, դարերու ճամբով, ու քարի, գոյնի, մագաղաթի ձեւերով»:

– Մոռցա՞ծ ենք այդ զգայնութիւնները, թէ՞ նախանձախնդիր ենք անոնց պահպանումին:

Հարցումը կ՛ուղղուի երկու կողմերուն ալ. Ամենայն հայոցին եւ միւսներուն…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (5)
  • Հայրապետ 10 years

    Առանց կողմնորոշուելու այս հարցին մէջ, ես ալ իմ համեստ կարծիքը յայտնելով կուզեմ ըսել թէ բաց նամակներ, յօդուածներ, թեր ու դէմ արտայայտութիւններ դիմատետրի վրայ ու կամ Համացանցային այլ ընկերային ցանցերու միջոցաւ, չեն նպաստեր հարցին խաղաղ լուծմանը; Նման հարցեր կրնան աւելի բաղձալի եզրակացութեան հանգիլ երբ հարցը յուզող անձինք, խորհրդաբար դէմ դիմաց զրուցեն ու հարթեն իրենց տարակարծիքները։ Կարիքը չկար արար աշխարհ տեղեակ դառնալու այս հարցին։

  • Հայրապետ 10 years

    Առանց կողմնորոշուելու այս հարցին մէջ, ես ալ իմ համեստ կարծիքը յայտնելով կուզեմ ըսել թէ բաց նամակներ, յօդուածներ, թեր ու դէմ արտայայտութիւններ դիմատետրի վրայ ու կամ Համացանցային այլ ընկերային ցանցերու միջոցաւ, չեն նպաստեր հարցին խաղաղ լուծմանը; Նման հարցեր կրնան աւելի բաղձալի եզրակացութեան հանգիլ երբ հարցը յուզող անձինք, խորհրդաբար դէմ դիմաց զրուցեն ու հարթեն իրենց տարակարծիքը։ Կարիքը չկար արար աշխարհ տեղեակ դառնալու այս հարցին։

  • Barkev Asadourian 10 years

    Անհրաժետութիւն ի որ Բովանդակ Հայ Ժռղռվուրդը Տեղեակ
    ըլլայ Եկեղեցական ու Քաղաքական ընդհանուր անցուդարձներուն
    հրապարակավ շարունակ!

  • Հայրապետ 10 years

    Համաձայն եմ Պարգեւ, սակայն հոս բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասին է իմ ակնարկը։ Գոնէ տարակարծիքը հարթելու առաջին քայլը խորհրդաբար ըլլար։ Խօսքս երկուքին է։
    Ժողովուրդին հաւատքի հետ է կապուած այս Հարցը։ Ժողովուրդին հաւատքն է որ կը խախտէ իրենց այս երեխայական մօտեցումը հարցին։ Ինչու՞ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամ դառնամ երբ իր մեծամեծները երեխայ են։ Այսպէս կը մտածէ ներկայ սերունդը։
    Հոս Ամերիկա է։ Այլընտրանք ունիմ։ Նմանապէս ուրիշներ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի։

  • Վարդան 10 years

    Իբրեւ Ներկայ սերունդի անդամ պիտի ուզէի որ Առաքելական եկեղեցւոյ վէճերը դառնան հրապարակային, երբեք ծածուկ։ Վէրքերը մաքրելու լաւագոյն ձեւը ախտը յայտարարելն է, ոչ ծածկելը, որ մեր մէջ դարձած է “կառավարման” ձեւ։ Եկեղեցւոյ իշխանութեան մեծ մասը կորսնցուցած է իր բարոյական հեղինակութիւնը։ Ասոր մեղքը իշխանութեան մեղքն է, ոչ հաւատացեալներու, որոնք յստակացումէ մը աւելին կ՚ակնկալեն։ Երբ կղերական դասը ասպարէզը կը վերածէ սեփական շահաբեր ձեռնարկի, պիզնէսի, ինչպէս ըսուեցաւ արդէն, պարտաւոր է պատասխանատու ըլլալ այդ արարքին եւ հաշիւ տալ։ Եթէ եկեղեցւոյ մէջ կան կղերականներ որ կը քննադատեն կացութիւնը, ասոնք արժանի են մեր նեցուկին։ Թոյլ տուէք որ զանոնք լսենք։ Այլապէս…նոր սերունդը կը դիմէ նշուած այլընտրանքներուն։ Նոր սերունդը կազմուած է հասուն մարդոցմով։ 

  • Disqus ( )