Խմբագրական. Ներազգային Համաձայնութիւն Սեւրի Հիմամբ Սահմանագծուած Հայաստանի Իրաւատիրութեան Շուրջ
Ոչ շատ հեռու անցեալին, ընդամէնը հինգ-վեց տարի առաջ Սեւրի դաշնագիրին եւ յատկապէս Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին մասին յօդուած գրողները կը նկատուէին առաւելապաշտներ, ամբոխահաճոյական նպատակներով շարժողներ, ասպարէզականներ նոյնիսկ (քարիերիսթ իմաստով):
Իրաւագիտական քննարկումը Սեւրի եւ Ուիլսընեան վճիռի անբեկանելիութեան մասին մասնագիտական ոլորտի խնդիր է: Նշենք պարզապէս, որ իրաւարար վճիռներու պարտադիր էութիւնը հիմնովին կը տարբերի երկկողմ պայմանագրային համաձայնութիւններու պարագաներէն, ուր որեւէ կողմի հետագայ անհամաձայնութիւնը անվաւեր կը դարձնէ կնքուած փաստաթուղթը: Այստեղ, առնչուած կողմերը պարզապէս կը կատարեն իրաւարարին վճիռը, առանց լիազօրութիւնը ունենալու որոշումի գործընթացին դերակատար ըլլալու եւ մանաւանդ առանց այդ վճիռը բեկանելու իրաւական հիմքը ունենալու:
Աւելի կեդրոնանանք խնդիրին ներկայացուցած քաղաքական կարեւորութեան վրայ: Սեւրի հիմամբ Ուիլսընի իրաւարարութեան 90-ամեակին առիթով նախագահ Սարգսեան կը կատարէր աննախադէպ յայտարարութիւն` ընդգծելով, որ Սեւրը կը պահէ իր այժմէական եւ ԻՐԱՒԱԿԱՆ նշանակութիւնը (ընդգծումը` մեզմէ): Այս յայտարարութեան նախօրեակին Ուիլսընի շիրիմին այցելութիւնը նախագահին կողմէ ինքնին քաղաքական աքթ էր, որ բնականաբար ինչպէս արտաքին, այնպէս նաեւ ներքին յստակ ուղերձներ կը բովանդակէր: Հայ քաղաքական միտքը ակնկալուած լուսարձակները չբացաւ այս յայտարարութեան վրայ: Հասկնալի էր, որ Անգարան խնամքով անուշադրութեան մատնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կատարած այս յայտարարութիւնը, որ փաստօրէն պետական մակարդակի վրայ տարածքային պահանջատիրութեան ամրագրումի համազօր յայտարարութիւն էր: Տարբեր հարց անշուշտ, որ նման յայտարարութիւն մը հիմնովին կը հակասէր Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն, այնտեղ ծուարած թրքական նախապայմաններուն` ուղղակի-անուղղակի ընդունելութեան հայկական կողմէն, բայց մանաւանդ կը յուշէր, որ նման յայտարարութիւն կատարողը խորքին մէջ պէտք է անվաւերականացնէ նոյնինքն արձանագրութիւնները:
Սեւրի իրաւական եւ այժմէական նշանակութիւնը ընդգծող նախագահի յայտարարութիւնը փաստօրէն ուղենշային հանգամանք ստացաւ: Այնուհետեւ Հայաստանի պետական կարեւորագոյն ամպիոններէն հնչեցին «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում», կամ «հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնում» առաջադրանքային բառակապակցութիւնները: Այստեղ արդէն եթէ մէկ կողմէ կը նկատուէր հատուցման պահանջատիրութեան պետական աշխատանքներու մեկնարկային մօտեցում, միւս կողմէ յատկապէս սփիւռքեան շրջանակներու հայեացքներէն աննկատ չէր անցներ «տարածքային կամ հողային պահանջատիրութեան» ըսելաձեւի բացակայութիւնը` պետական համապատասխան հաստատութիւններու եւ յանձնաժողովներու յայտարարութիւններուն մէջ: Թէեւ սկզբունքն ու առաջադրանքը յստակ էին եւ բառերու օգտագործման կամ օգտագործումէ խուսափման միտումները առաւելապաշտ ձեւով ընկալելն ու բառերուն կառչելու երբեմն լուռ, երբեմն բարձրաձայն պահանջները հետզհետէ երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենային: Ի վերջոյ այն, ինչ որ կարելի էր հասարակական մակարդակով արտայայտուիլ, բնականաբար բառային հարազատութեամբ կրնար չարտացոլար պետական բնագիրներուն մէջ: Պարզ էր, որ տարբեր ըսելաձեւերով միեւնոյն նպատակին մասին կը խօսուէր համակողմանիօրէն: Ի վերջոյ ի՞նչ կը նշանակէր Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը» կամ հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը: Այս արդէն համապարփակութիւն կ՛ընդգծէր եւ կը վերաբերէր ոչ միայն տարածքայինին կամ հողային խնդիրին, այլ նաեւ եկեղեցականին, անհատականին, վնասուց հատուցման բոլոր ենթաբաժիններուն:
Արտաքին քաղաքական ներշնչումը ի հարկէ իր որոշադրիչ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Անգարայի նկատմամբ Երեւանի կատարած յայտարարութիւններուն թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ շեշտադրումներուն, թէ՛ անոնց յաճախակիութեան եւ թէ՛ անուղղակիէն ուղղակիի անցումին վրայ: Եւ այս պարագային նկատի կ՛առնուին անշուշտ Թեհրան-Անգարա կամ աւելի շատ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու վերիվայրումները կամ քաղաքական պահերու լարուած հանգամանքները:
Ուղենշային այս յայտարարութիւնները աւելի առարկայացան եւ տարածքային պահանջը մասնակի դարձաւ, երբ հայ իրաւագէտներու վերջին վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազը սեւով սպիտակի յստակութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նկատեց իրաւատէր իր կորսնցուցած տարածքները Թուրքիայէն վերատիրանալու: Այստեղ արդէն բառերու խուսանաւման ո՛չ տեղ կար, ո՛չ ալ միտում, յայտնաբար: Ընդհակառակն, թէեւ «իր խորին համոզմամբ» նախաբանային յստակացումով, ընդհանուր դատախազը բարձրացուց տարածքային պահանջատիրութեան ազդանշանը:
Կը թուի, որ այս հարցը տարբեր առիթներու պիտի վերարծարծուի: Իսկ այս մէկը չի կրնար զուտ ներքին սպառումի համար ըլլալ: Ի վերջոյ հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան եւ այդ թղթածրարի միջազգայնացման պահանջները եւս սկսած են ընդգծուիլ պետական մակարդակներու վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը Հայ դատի կամ համազգային պահանջատիրութեան իրաւականացման շրջադարձին վերածելու պետական միտում գոյութիւն ունի:
Այստեղ անշուշտ ուժի տեսութիւնը եւ մանաւանդ աշխարհաքաղաքական նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ` յիշեցնելով, որ հայկական կողմը Սեւրով եւ իրաւարար վճիռով իրաւական հարթութեան վրայ նուաճած է բարձրակէտ, որ սակայն չէ առարկայացած` աշխարհաքաղաքական պայմաններու կտրուկ փոփոխման պատճառներով:
Իսկ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մասին մտածելու պահուն անպայման պէտք է վերյիշել Միացեալ Նահանգներու օրուան արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Անգարայի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, որ «մենք դէպի ծով ելք պարտական ենք Հայաստանին» եւ ինչու չէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքի հրապարակած կանխատեսումները յառաջիկայ քսան տարուան համար, ուր յստակօրէն կը խօսուէր Թուրքիոյ մասնատման տեսանելիութեան մասին:
Այս բոլորը Սեւրի առիթով յիշելը կը շեշտէ Սեւրի շուրջ նախ ներազգային համախոհութեան կայացման անհրաժեշտութիւնը: Ճիշդ է, իրաւական կատարեալ թղթածրարի պատրաստութեան առաջնահերթութիւնը սկսած է արդար ակնկալութեամբ մրճահարուիլ համակողմանիօրէն: Մինչ այդ սակայն վերջ պէտք է տալ նաեւ անհեթեթ այն հարցումին, որ մենք հայերս տակաւին չենք գիտեր, թէ ի՞նչ կ՛ուզենք Թուրքիայէն: Իրաւական հիմունքով, միջազգային օրէնքներու եւ օրինաչափութիւններու նկատառումով շատ բան ունինք պահանջելու Անգարայէն: Եկեղեցիներ, վանքեր, եկեղեցապատկան կալուածներ, անհատական կալուածներ, վնասուց հատուցումներ, արեան գին, եւ մասամբ նորին: Տարածքները սակայն գիտենք: Սեւրի հիմամբ Ուիլսընեան Հայաստանի սահմանագծած Հայաստանն է: Իսկ Սեւրը կը պահէ, այո՛, իր այժմէական եւ իրաւական նշանակութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ, այո՛ իրաւատէրն է իր կորսնցուցած տարածքները վերադարձնելու հարցին:
Սեւրով եւ Ուիլսընեան վճիռով առաջադրուած ամբողջական Հայաստանի սահմաններուն պահանջին շուրջ ներազգային համաձայնութիւնը Սեւրը կը վերածէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ,Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան առաջադրանքներուն առընթեր համազգային համաձայնեցուած չորրորդ նպատակի: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրէին:
Հոյակապ, Սեւրի դաշնագիրին գալիք Ապացոյցը Ապագային!!!