Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դադրեցէք ամէն ինչ հաշիւ ընելէ, ձգեցէք, որ հարցերը իրենք լուծուին` ըստ օրուան կացութեան: Երկար-բարակ մի՛ մտածէք, ոչինչ կ՛ընէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Զոյգերու միջեւ անհասկացողութիւն կրնայ պատահիլ: Դուք եղէք նախաձեռնողը դէպի փոխադարձ հասկացողութեան գալու, որպէսզի մնաք խաղաղ: Մի՛ սրտնեղիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ սպասէք, որ յոգնութիւնը ծայր աստիճան բարդանայ: Առիթ տուէք հանգստանալու: Գնահատեցէք ժամանցի ազատ ժամերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գացէք որոնելու նոր ձեւի մարզանք մը, որ պիտի հաճոյացնէ ձեզ: Անգամ մը որ վարժուիք, այլեւս չէք լքեր նման մարզաձեւ մը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անցեալի ցաւոտ հարցերը կամ վէրքերը մի՛ բանաք: Անոնք արդէն անցած-գացած բաներ են, եթէ նոյնիսկ թեթեւ նշաններ մնացած են:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արուեստագէտի գործունէութիւն մը, ստեղծագործական աշխատանք մը պիտի ներշնչէ ձեզ` լաւագոյնը կատարելու եւ հեռանալու օրուան հոգէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պարտադրեցէք դուք ձեզ ձեր աշխատանքով, որպէսզի ուրիշներ վստահութիւն ունենան ձեր վրայ: Օրը ունի ինքնաճանաչման մղում:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր դրական եռանդը վարակիչ պիտի ըլլայ: Ձեր ուրախութիւնը պիտի փոխանցէք ձեր շրջապատին` ստեղծելով բարեկամական կամ ընտանեկան մթնոլորտ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հոգ տարէք ձեր մարմնին, հեռու կեցէք հեւքոտ աշխատանքէ: Դանդաղեցուցէք արագ կշռոյթը, որպէսզի ունենաք հանդարտ կեանք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ցոյց տուէք այն կեցուածքը, թէ դուք վստահելի անձ մըն էք: Կրնաք արժանանալ ձեր շրջապատին յարգանքին եւ սիրոյն: Օրը յուսատու է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ ձեր ծրագիրը ներկայիս ձեռնտու չէ յարմարելու ձեր շրջապատին: Համբերութեամբ սպասեցէք գալիք ձեռնտու ժամանակը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գրիչը ձեռք առէք, որովհետեւ ունիք տաղանդը գրաւոր կերպով արտայայտուելու: Այս ալ հանդարտեցնող միջոց մըն է: