Վան Փերսի. «Եկայ Եունայթըտ, Որ Ռունիին Կողքին Խաղամ»

Վան Փերսի եւ Ռունի

Անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի հոլանտացի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի մեկնաբանեց Ուէյն Ռունիի տեղափոխութեան վերաբերող եւ տարածուող լուրերը:

Վան Փերսի ըսաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ բոլորը կը փափաքին Ռունիին մնալը` շեշտելով, որ Եունայթըտի միանալուն պատճառներէն մէկը Ռունիի կողքին խաղալն էր:

Ան աւելցուց ըսելով, որ կը յուսայ եւ կը փափաքի, որ Ռունին մնայ խումբին հետ, որովհետեւ ան մեծ ծաւալի աշխատանք կը տանի խումբին համար խաղերու ընթացքին, կ՛ատէ «պարտութիւն» կոչուած բանը եւ այդ պատճառով է, որ թէ՛ յառաջապահի եւ թէ՛ միջնապահի դերերը կը ստանձնէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )