Զանեթթի. «Ապագային Մասին Կը Խօսինք Տարեշրջանի Աւարտին»

Խաւիէ Զանեթթի

Իտալական Ինթեր Միլանի առասպելական յետսապահ արժանթինցի Խաւիէ Զանեթթին, որ 10 օգոստոսին դարձաւ 40 տարեկան, մերժեց այն խօսքերը, որ կը նշեն, թէ ինք վերջ մը պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին այս տարեշրջանի աւարտին:

Ան ըսաւ, որ ներկայիս կը մտածէ միայն իր վիրաւոր ըլլալուն մասին եւ յոյսով է, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կ՛ապաքինի:

Ան շեշտեց, որ իր ապագան յստակ չէ, եւ ըսաւ, որ այս հարցին մասին կը խօսի տարեշրջանի աւարտին:

Իր խօսքի աւարտին Զանեթթի ըսաւ, որ ինք միշտ ցանկացած է խաղալ Ինթերի հետ, բազմաթիւ առիթներու մերժած է նոյնիսկ միանալ Ռէալ Մատրիտի ու Պարսելոնայի եւ իր կարծիքով իր տուած այդ որոշումը ճիշդ որոշում էր:

Զանեթթիի այս խօսքերը հաղորդեց իտալական մամուլը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )