Ասիոյ Ֆութպոլի Համադաշնակցութեան Նախագահին Կոչը` Ուղղուած Ահաբեկիչներուն
Ասիոյ ֆութպոլի համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Սալման Պըն Իպրահիմ Ալ Խալիֆան կոչ ուղղած է դադրեցնելու ահաբեկչական գործողութիւնները մարզական աշխարհին եւ մասնաւորապէս ֆութպոլի մարզին մէջ:
Ան այս կոչը ուղղեց, որովհետեւ Փաքիստանի մէջ ռումբի պայթումի մը պատճառով ողբերգալի դէպք մը պատահեցաւ եւ զոհուեցան ֆութպոլի 8 անմեղ համակիրներ:
Ան նշեց, որ մարզական աշխարհը պէտք է միացնէ ժողովուրդները եւ ոչ թէ վնաս հասցնէ անոնց ու բաժնէ իրարմէ:
Շէյխ Սալման Պըն Իպրահիմ Ալ Խալիֆայի խօսքերը հաղորդեց անգլիական «Պի.Պի.Սի. Սփորթ»-ը:
CATEGORIES Մարզական