Կորճայքի Եւ Ատանայի Մէջ Դիմակաւոր Ցուցարարներու Եւ Թրքական Ոստիկանութեան Միջեւ Բախում

Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Կորճայք շրջանին մէջ դիմակաւոր շուրջ երեսուն անձեր բախում ունեցան թրքական ոստիկանութեան հետ, երբ փորձեցին շրջանին մէջ հակակառավարական ցոյցեր կատարել:

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ցուցարարները ոստիկանութեան դէմ քարեր եւ պայթուցիկներ օգտագործած են, իսկ ոստիկանութիւնը` ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ: Բախումները շարունակուած են Կորճայք քաղաքի գլխաւոր եւ երկրորդական փողոցներուն մէջ:

Մինչ այդ, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) համակիր խմբակ մը Ատանայի մէջ կատարեց ցոյց մը, որ բախումներու վերածուեցաւ, երբ թրքական ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ անոր:

Թրքական ապահովական ուժերու երեք անդամներ վիրաւորուեցան, երբ զիրենք փոխադրող ինքնաշարժը բախումի վայրէն փախուստի դիմելու ընթացքին շրջուեցաւ եւ քոքթել մոլոթովի մը պատճառով կրակ առաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )