Ռուսիա Եւ Իրան Հիւլէական Նոր Կայանի Կառուցման Մասին Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

«Ռաշա Թուտէյ»` վկայակոչելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Մոսկուա եւ Թեհրան յառաջիկային Իրանի մէջ հիւլէական նոր կայանի կառուցման շուրջ համաձայնագիր պիտի կնքեն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ երկու կողմերը կատարած են խորհրդակցութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք որոշուած է մօտիկ ապագային համաձայնագիր ստորագրել «հիւլէական նոր ելեկտրակայանի կառուցման հարցին մէջ փոխըմբռնման մասին»:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հիւլէական ուժանիւթը անհրաժեշտ է Իրանի ելեկտրականութեան ուժանիւթի պահանջները բաւարարելու, ինչպէս նաեւ բժշկութեան համար:

Իրանի նոր նախագահ Հասան Ռուհանի իր երդման արարողութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Իրան պիտի շարունակէ Ռուսիոյ հետ երկրին մէջ հիւլէական ուժանիւթի զարգացման շուրջ բանակցութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )