Իսրայէլ Բնակեցման Վայրերուն Մէջ 1187 Բնակեցման Համալիրի Կառուցումը Կը Յայտարարէ

Իսրայէլի շինարարութեան եւ բնակեցման նախարար Ուրի Արիել յայտարարեց, որ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ բռնագրաւուած Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերուն մէջ 1187 բնակեցման նոր համալիրներ պիտի կառուցուին: Ըստ իսրայէլեան տեղեկագիրի մը, այս քայլը ամերիկեան վարչակազմին հետ համակարգուած է եւ իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման զուգահեռ քայլ մըն է:

Ըստ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Արեւելեան Երուսաղէմի բնակեցման վայրերուն մէջ 793 բնակեցման համալիր պիտի կառուցուի, Կիլօ բնակեցման վայրին մէջ` 400, Հոմաթ Շամոյիլ բնակեցման վայրին մէջ` 210, իսկ Պսղան Զայիֆ բնակեցման վայրին մէջ` 183:

Բռնագրաւուած Այսրյորդանանի մէջ պիտի կառուցուին 394 բնակեցման նոր համալիրներ, որոնցմէ 117-ը` Արիել բնակեցման վայրին մէջ, 149-ը` Աֆրաթ բնակեցման վայրին մէջ, 92-ը` Մաալի Ատոմիմ բնակեցման վայրին մէջ, իսկ 36-ը` Պիթար բնակեցման վայրին մէջ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը համամիտ գտնուած է, որ Իսրայէլ բնակեցման նոր համալիրներ կառուցէ եւ փոխարէնը երեքշաբթի օր պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման առաջին հանգրուանը գործադրէ:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այդ հարցը կը համակարգէ ամերիկեան վարչակազմին հետ:

Մինչ այդ, Նեթանիահու երէկ կէսօրէ ետք փոքր վիրահատումի մը ենթարկուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )