Իսրայէլեան Յանձնախումբ Մը Պաղեստինցի 26 Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Կը Քննարկէ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն կառավարութեան շարք մը անդամներու մասնակցութեամբ գումարեց յատուկ ժողով մը` քննարկելու համար պաղեստինցի 26 գերիներու ազատ արձակման հարցը: Այդ գերիներուն ազատ արձակումը պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց վերսկսման համաձայնութեան ծիրին մէջ պաղեստինցի 104 գերիներու ազատ արձակման չորս հանգրուաններէ բաղկացած համաձայնութեան առաջին հանգրուանն է:

Երէկ Թել Աւիւ հասաւ պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութիւններուն հետեւելու պարտականութիւնը ունեցող ամերիկեան խմբակի նախագահ Մարթին Ինտիք` առ ի պատրաստութիւն վաղը Երուսաղէմի մէջ նախատեսուած պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեան, որմէ ետք բանակցող կողմերը երկրորդ նիստի գումարման համար Երիքով պիտի ուղղուին:

Ըստ գոյացած համաձայնութեան, Իսրայէլ այսօր ազատ պիտի արձակէ 26 գերիներ, որոնց անունները պիտի հրապարակուին անոնց յարձակումներուն ընթացքին արձանագրուած իսրայէլացի զոհերուն ընտանիքներուն բողոքարկման առիթ ընծայելու համար:

Նշենք, որ Իսրայէլ կիրակի օր արդէն ազատ արձակեց 8 տարի առաջ ձերբակալուած Մահեր Համուտէ Աքատը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )