Օգոստոսեան Աստղաթափը Իր Գագաթնակէտին Պիտի Հասնի 12-Էն 13 Օգոստոսի Գիշեր

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային ասուպային կազմակերպութենէն յայտնած են, որ օգոստոսեան աստղաթափը` Փերսէիթներու ասուպային հոսքը իր առաւելագոյնին պիտի հասնի 12-էն 13 օգոստոս լուսցող գիշերը, երբ երկինքին մէջ պիտի յայտնուի ժամական հարիւր ասուպ:

Ասուպները երկրի մթնոլորտ մուտք կը գործեն վայրկեանը շուրջ 20 քիլոմեթր արագութեամբ եւ գրեթէ վայրկենաբար կ՛այրին` երկինքին մէջ գեղեցիկ վառ հետք մը ձգելով:

Առաւել վառ ասուպներու լուսարձակումը կը տեւէ քանի մը վայրկեան:

Փերսէիթներու ասուպային հոսքը կը սկսի 17 յուլիսին եւ կը տեւէ մինչեւ 24 օգոստոս:

 

Share this Article
CATEGORIES