Ըստ Սալեհիի. Իրանի Հիւլէական Թղթածրարի Հարցը Դէպի Լուծում Կ՛ուղղուի
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Իրանի հիւլէական թղթածրարին հարցը հասած է հանգրուանի մը, ուր այսուհետեւ դէպի լուծում կ՛ուղղուի:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալեհի իբրեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար իր պաշտօնավարութեան աւարտին լրագրողներուն յայտնած է, որ «վստահ եղէք, որ այս թղթածրարը հասած է հանգրուանի մը, ուր այսուհետեւ անոր լուծումը պիտի տեսնենք»` աւելցնելով, որ հիւլէական թղթածրարը «դէպի լուծում պիտի ուղղուի, Աստուծոյ կամքով, եւ ատիկա վճռուած հարց է»:
Սալեհի Իրանի արտաքին գործոց նոր նախարար Ժաուատ Զարիֆը նկարագրեց իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ փորձառութիւն ունեցող եւ արհեստավարժ դիւանագէտ մը:
Ան աւելցուց, որ «ես վստահ եմ, որ ան իր առաքելութեան մէջ պիտի յաջողի: Ան հանրապետութեան նախագահին եւ անոր մերձաւոր շրջանակին վստահութիւնը կը վայելէ, ինչ որ պրն. Զարիֆի համար կարեւոր կէտ է»:


