Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Խաղողօրհնէք` Հալէպի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Հալէպի դիմագրաւած ներկայ ծանր օրերուն ընթացքին ուրախալի է լրատուութիւններէն կարդալ, որ, այսուամենայնիւ, կեանքը կը շարունակուի: Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցներն են Հալէպի մէջ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին ստորեւ տրուած տպաւորութիւնները:

Բաւական տաղտկալի շաբաթ էր անցնող շաբաթը: Զինեալ արմատական խմբաւորումները կը յայտարարէին, որ արաբական Ֆիթրի տօնին Հալէպի մէջ իսլամական իշխանութիւն պիտի հաստատեն:

Ֆիթրի չորս օրերը անցան, ցարդ նման իշխանութիւն չյայտարարուեցաւ: Հալէպի մէջ սղաճն ու անապահովութիւնը տակաւին կը շարունակուին: Սնունդի խնդիրը լուծուեցաւ, սակայն սակագիները անբնական ու անընդունելի են:

Անցնող շաբթուան ընթացքին պետական համապատասխան կառոյցները Հալէպի մէջ ականուած երեք ինքնաշարժներ յաջողեցան բացայայտել եւ ականները քակել:

Այս շաբթուան մէջ արձակազէնի կրակոցով երկու, պաղ կապարով մէկ եւ հրասանդի բեկորով մէկ հայորդի վիրաւորուեցան:

Շաբաթավերջին 6 հայեր Հալէպէն Երեւան ճամբորդելու ընթացքին թրքական սահմանին մօտակայ Հալէպի գիւղերէն մէկուն մէջ առեւանգուեցան: Առեւանգուողներէն երկուքը կիներ էին, որոնք վերադարձուեցան Հալէպ, իսկ 4-ը տղամարդիկ, որոնցմէ մէկը մեքենավարն էր: Անոնց ճակատագիրը ցարդ անյայտ է:

Հովանաւորութեամբ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ միութեան, «Աղաճանեան» սրահին մէջ եւ երեք օրերու տեւողութեամբ ներկայացուեցաւ «Հայրիկը» գեղարուեստական երեկոն:

Կիրակի, 11 օգոստոսին Հալէպի հայկական եկեղեցիները կատարեցին խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Բաւական դժուար պայմաններու մէջ կը շարունակուի Հալէպի կեանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )