Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նախկին Նախագահ Ամին Ժեմայէլը
Երէկ առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման Միջին Արեւելքը եւ Լիբանանը յուզող հարցերուն գծով: Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
CATEGORIES Գաղութային


