Ակնարկ. Թուրքիոյ Տեղական Եւ Շրջանային Ազդեցութեան Նահանջին Ցուցանիշը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիա որոշած է հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ¬ի ուժերուն մաս կազմող իր ուժերը սեպտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին հեռացնել Լիբանանէն եւ 6  օգոստոսին այդ մասին նամակ մը յղած է ՖԻՆԻՒԼ¬ի հրամանատարութեան: ՖԻՆԻՒԼ¬ի միջազգային ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ այդ մէկը սովորական հոլովոյթ մըն է, իսկ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր զայն նկատեց գումակային պատճառներով տրուած որոշում մը, որ որեւէ կապ չունի ուրբաթ, 9 օգոստոսին Պէյրութի մէջ առեւանգուած երկու թուրքերու` Թրքական օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւին օդաչուին ու անոր օգնականին առեւանգման հետ: Սակայն ատիկա խորքին մէջ սովորական հոլովոյթ մը չէ, ոչ ալ գումակային պատճառներով կը կատարուի:

Վերոնշեալ երկու իրադարձութիւններն ալ արդիւնք են տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ արձանագրուած զարգացումներու: Թուրքիա մտահոգ է, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող իր ջոկատը կրնայ յարձակումի մը թիրախ դառնալ մայիս 2012¬ին Ազեզի մէջ շիի լիբանանցիներու առեւանգման Թուրքիոյ մեղսակցութեան եւ Սուրիոյ տագնապին մէջ անոր կեցուածքներուն պատճառով:

Եւրոպական Միութեան կողմէ 22 յուլիսին Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական կազմակերպութեան ցանկին վրայ ներառելու որոշումի որդեգրումէն ետք թրքական կողմին մտավախութիւնները նկատառելի աճ արձանագրեցին: Թուրքերը կը թուին համոզուած ըլլալ, որ եւրոպական այդ որոշումին իբրեւ հակադարձութիւն Հըզպալլայի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ¬ի դէմ գործողութեան մը հաւանական թիրախը իրենց ջոկատը պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ թրքական իշխանութիւնները շիի ուխտաւորներու առեւանգման մեղսակից են, մայիս 2012¬ին այդ առեւանգեալներուն տունդարձին մասին տուին սուտ երաշխիքներ, որոնց պատճառով ալ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կուսակցութեան համակիրներուն առջեւ անախորժ կացութեան մատնուեցաւ, երբ անոր տուած աւետիսը չիրագործուեցաւ, վերջերս Ազեզի մէջ լիբանանցի պատանդները սուրիական իշխանութեան մօտ արգելափակուած կիներով փոխարինելու համաձայնութիւնը չյարգեցին, ինչպէս նաեւ «Աստուծոյ կուսակցութեան» Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն միջամտելէն ետք, թուրք պաշտօնատարներ Հըզպալլայի հասցէին բուռն քննադատութիւններ կատարեցին ու զայն «Սատանայի կուսակցութիւն» կոչեցին: Այդ բոլորը պատճառ դարձան, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը նահանջ արձանագրէ: Ատենօք Լիբանանի տարածքի նկատառելի մէկ բաժինին թաղերուն մէջ Թուրքիոյ դրօշը կը ծածանէր, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ Թուրքիոյ վարչապետին դիմանկարին մեծ պաստառը զետեղուած էր, եւ ան Լիբանանի մէջ կը դիմաւորուէր իբրեւ հերոս, իսկ այսօր թրքական մշակութային եւ առեւտրական կեդրոնները ապահովական նկատառումներով փակուած են:

Թրքական ջոկատը ՖԻՆԻՒԼ¬ին միացաւ 2006¬ի յուլիսեան պատերազմէն ետք, եւ թրքական խորհրդարանը անոր առաքելութիւնը եօթը անգամ երկարաձգեց: Անոնք միջազգային խաղաղապահ այդ ուժերուն միացան, երբ Թուրքիոյ շրջանային ազդեցութիւնը աճի մէջ էր, երբ Թուրքիա իր դրացի երկիրներուն հետ ռազմավարական գործընկերութեան իրերայաջորդ համաձայնութիւններ կը կնքէր, իսկ այսօր, երբ Սուրիոյ տագնապին մէջ թրքական իշխանութեանց հաշուարկները կատարելապէս սխալ դուրս եկած են, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան ստեղծած իշխանութեան բացին պատճառով քրտական անկախ կամ առնուազն կիսանկախ շրջան մը եւ Քայիտայի կողմէ իսլամական պետութեան մը հաստատումը կ’ուրուագծուի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նոր օսմանական քաղաքականութեան կարեւորագոյն սիւներէն մէկը` Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու միամեայ իշխանութիւնը տապալած է, շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը նահանջած է, իսկ թրքական ջոկատին հարաւային Լիբանանէն հեռացումը տեղականի կողքին նաեւ շրջանային մակարդակի վրայ  Թուրքիոյ ազդեցութեան նահանջին յստակ ցուցանիշն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES