Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մթէյնի հրապարակին վրայ մատուցուած պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանանի չէզոք դրութիւնը յայտարարելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանի պաշտպանութեան կարողութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց բոլոր առեւանգեալները ազատ արձակելու, ըլլան անոնք թուրք քաղաքացիները, թէ Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալները, որպէսզի Լիբանանը կարելի ըլլայ փրկել բազմաթիւ վտանգներէ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է սանձէ օրինազանցները եւ պատժէ ապօրինութիւններ գործող բոլոր յանցագործները:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց պահպանելու ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց միջիսլամական միասնականութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ միւֆթի շէյխ Պաքըր Ռիֆայի լիբանանեան պետութենէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ Լապուէի մէջ պատահած ապահովական միջադէպին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով պատասխանատուութիւնները ճշդել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու արկածախնդրութիւնը հարցերը պիտի բարդացնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերն ու դատական իշխանութիւնները Լապուէի մէջ լարուած թակարդին իմաստով արագ միջոցառումներու պէտք է դիմեն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք երէկ այցելեց Հըզպալլայի հիմնադիր անդամներէն շէյխ Ռաղեպ Հարպի բնակարանը, ուր հաստատեց Դիմադրութեան ուղեգիծին կառչած մնալու վճռակամութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ, անդրադառնալով Արսալի դէպքին, կոչ ուղղեց արդարութեան նախարարին եւ դատաւորներուն հեռանալու Զինուորական ատեանէն` նկատի ունենալով, որ անոնց տուած վճիռները անիմաստ են եւ անհեթեթ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն ըսաւ. «Ժամանակն է այլեւս, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ըմբռնեն, թէ օտարին կողմէ լիբանանցիին ոչ մէկ օգուտ կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար պէտք է համոզուիլ, որ արտաքին ոչ մէկ ուժի վրայ կարելի է վստահութիւն ունենալ»:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար կոչ ուղղեց ազատ արձակելու առեւանգուած թուրք քաղաքացիները եւ վերջ տալու Լիբանանի անվտանգութիւնը խախտելու փորձերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ պահանջուածը լիբանանեան փոքր պետութեան մէջ կորսուած մեծ պետութեան վերահաստատումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելու պարագային ոչ ոք կրնայ լիբանանեան կացութեան մասին մեկնաբանութիւններ կատարել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի հաստատեց, որ Արսալի դէպքը ոչ մէկ կապ ունի քաղաքականութեան հետ եւ բանակէն պահանջեց երկաթեայ բազուկով հարուածել օրինազանցները, որոնք կը խախտեն երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՖԱՏԸԼ Շաքեր պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը ֆինանսաւորէ Ժունտ Շամ ահաբեկչական կազմակերպութեան 250 անդամներ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը առեւանգելու գործողութիւնը իր հետեւանքները պիտի ունենայ Լիբանանի զբօսաշրջութեան վրայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները խորհրդարանի յաջորդ լիագումար նիստին ներկայ պիտի գտնուին` աւելցնելով, որ այդպիսով լիագումար նիստը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել` երեսփոխաններու բաւարար թիւի գոյացման շնորհիւ:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ հոսանքի նախագահ Շաքեր Պըրժաուի յայտնեց, որ Հարիրի ընտանիքն ու Մուսթաքպալ հոսանքը կրցած են Արսալը դէպի յարանուանական ճահճացում առաջնորդել:

