Ժոմպլաթ Զգուշացուց Ապահովական Կառոյցները Համայնքայնացնելու Եւ Յարանուանականացնելու Փորձերէն

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ թուրք օդաչուներուն առեւանգումը` միաժամանակ դատապարտելով լիբանանցիներուն առեւանգումը:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ առեւանգումն ու փոխադարձ առեւանգումը օր մը օրանց կարելի չէ եղած արդարացնել:

Ժոմպլաթ ողջունեց Պէյրութի միջազգային ճամբան փակելու փորձերը կանխարգիլելու բոլոր ջանքերը:

Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց նաեւ Արսալի քաղաքապետին դէմ գործուած ապահովական միջադէպը:

«Լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումին հարցին արդար լուծում մը չգտնելը եւ բանակի սպաներուն եւ զինուորներուն նահատակութիւնը հիմնական պատճառներն են երկրին մէջ տիրող ժխտական կացութեան: Իսկ եթէ դատական իշխանութիւնները եւ պատասխանատու համապատասխան մարմինները հաշուետուութեան կանչած ըլլային բանակին դէմ յարձակում գործողները, լարուածութիւնը այս աստիճանի չէր հասներ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ զգուշացուց ապահովական կառոյցները համայնքայնացնելու եւ յարանուանականացնելու փորձերէն` աւելցնելով, որ անոնք լիբանանեան պետութիւնը ամուր պահող միակ կառոյցներն են:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան` Ժոմպլաթ հարց տուաւ, որ աւելի ճիշդ չէ՞ կազմել կառավարութիւն մը, որ լուծէ երկրին քաղաքական հարցերը եւ ամրապնդէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու լուծում մը գտնէ երկրին տնտեսական տագնապին:

Share this Article
CATEGORIES