Քոնելլի Դատապարտեց Հըզպալլայի Կողմէ «Պաապտայի Յայտարարութեան» Խզումը
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի Լիբանանի մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով կատարած յայտարարութիւններուն մէջ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի կողմէ «Պաապտայի յայտարարութեան» խզումը` ընդգծելով, որ այդ արարքը վնաս կը հասցնէ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն:
Քոնելլի ընդգծեց, որ Հըզպալլայի եւ Իրանի առանցքը Լիբանանը դէպի վտանգաւոր ուղիներ պիտի առաջնորդէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

