Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Անթուան Շտիտը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Ճիրք Մոնթանին: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ, իսկ Մոնթանիի կ՛ընկերակցէր անոր փոխանորդը` Ֆապրիզիօ Քարպոնին:
CATEGORIES Լիբանանեան