Լապպունէի Սահմանային Խախտումը Ռաս Նաքուրայի Մէջ Պիտի Քննարկուի 28 Օգոստոսին

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Լապպունէի մէջ արձանագրուած միջադէպին պատճառը այն է, որ 100 զինուոր հաշուող իսրայէլեան վաշտ մը մուտք գործած է լիբանանեան հողեր` խախտելով սահմանային Կապոյտ գիծը:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լապպունէ հասնելու իսրայէլեան ուժերուն գործողութիւնը կրնայ Լիբանանի դէմ նոր  ներխուժում մը կատարելու «փորձ» մը նկատուիլ` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան ուժերը անցած էին սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ զետեղուած փշաթելերը եւ հասած լիբանանեան հողեր, ուր կը գտնուէին լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու իտալական զօրամասին դիրքերը:

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, 28 օգոստոսին Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ եռակողմանի նիստ մը, որուն ընթացքին լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա պիտի քննարկեն Լապպունէի միջադէպը:

Նշենք, որ զօր. Սերրա ընդվզում յայտնած էր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ արձանագրուած սահմանային այս խախտումին առնչութեամբ` զայն նկատելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած խախտում մը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )