Պէյթէտտինի Պալատին Մէջ. Նախագահ Սլէյման Շեշտեց «Պաապտայի Յայտարարութեան» Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Սլէյմանը` Պէյթետտինի պալատին մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ փոխադրուեցաւ Պէյթէտտինի պալատի նախագահական ամարանոցը:

Պէյթէտտինի պալատին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ, նախագահ Սլէյման հարց տուաւ այն պատճառներուն մասին, որոնք կը մղեն լիբանանցիները իրենց երկիրը ծանուցելու իբրեւ ձախող երկիր, մինչդեռ Լիբանան ժողովրդավար երկիր մըն է, արժանիք մը, որուն բացակայութեան պատճառով անոր դրացի երկիրներուն մէջ արիւնահեղութիւն կը կատարուի:

«Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալով է միայն, որ կարելի է փրկել Լիբանանի միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ անշեղ մնալ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութենէն, որուն շնորհիւ Լիբանանը կարելի է պաշտպանել Իսրայէլէն», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ նախորդ կառավարութիւններուն աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ նշուած «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը կը պաշտպանէ Լիբանանը, պայմանաւ որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները համադրող դէմք մը կամ տնօրէն մը ըլլայ, իսկ այդ համադրողը կրնայ միայն լիբանանեան պետութիւնը ըլլալ: «Այս տարազը գործադրելու նպատակով է, սակայն պէտք չէ զայն ինքնագլուխ գործադրել», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց զօրակցելու բանակին եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ պիտի աշխուժացնէ ազգային երկխօսութիւնը, որ շատ կարեւոր է:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ քննարկեց քաղաքական եւ ապահովական շարք մը հարցեր, որոնց շարքին մէջ նաեւ առեւանգեալներուն եւ Լապուէի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպին հարցերը:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունը եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Թաքլա եւ ընդհանուր դահախազի փոխարինող  Սամիր Համմուտ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ուրբաթ օր պիտի այցելէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն հետ պիտի քննարկէ շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES