Մարուան Շարպելի Հետ Հանդիպելէ Ետք. Առեւանգուած Ինը Լիբանանցիներուն Հարազատները Սպառնացին Պէյրութէն Անցնող Իւրաքանչիւր Թուրք Առեւանգումի Թիրախ Դարձնել

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները երէկ հանդիպում մը ունեցան ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ` քննարկելու համար իրենց հարազատներուն ազատ արձակման վերաբերող զարգացումները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներէն քանի մը օր առաջ ձերբակալուած Մոհամետ Սալեհի ազատ արձակումին հաւանականութիւնը:

Հանդիպումէն ետք առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներուն անունով Տանիէլ Շաայպ յայտնեց, որ իրենք Շարպելի հետ պարզապէս քննարկած են վերջին զարգացումները:

Իր կարգին, առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող հոգեւորական շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Շարպելի հետ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներուն հանդիպումը ապարդիւն էր:

Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ ինք առեւանգեալներուն հարազատներուն մնայուն կերպով խորհուրդ կու տայ համբերելու. ան պահանջեց Մոհամետ Սալեհի ազատ արձակումը, որովհետեւ Շարպել հաստատած է եւ փաստուած, որ ան ոչ մէկ յանցանք գործած է այս իմաստով:

Շէյխ Զղէյպ ընդգծեց, որ առեւանգեալներուն հարազատները իբրեւ իրաւատէրեր պէտք է մտքով յաղթեն ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին բնազդին:

Շէյխ Զղէյպ շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին պատասխանատու է թրքական պետութիւնը:

Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներէն մէկուն կինը` Հայաթ Աուալի յայտնեց, որ Մոհամետ Սալեհը ազատ չարձակելուն պատճառով, իրենք Պէյրութի փողոցներուն վրայ գտնուող ոեւէ թուրք թիրախ պիտի դարձնեն առեւանգումի, որովհետեւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Լիբանանի մէջ կը գործէ իբրեւ թրքական միաւոր:

«Նոյնիսկ եթէ մեզի պիտի բանտարկեն, նուազագոյնը իսկապէս թուրք առեւանգած կ՛ըլլանք», ըսաւ Հայաթ Աուալի:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւններուն որոշումով Լիբանանի մէջ գործող թրքական մշակութային եւ տնտեսական կեդրոնները ժամանակաւորապէս փակ պիտի մնան:

Թուրք դեսպանը աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ լիբանանցիները ապահով են եւ անոնց անվտանգութեան կը հսկեն թրքական իշխանութիւնները:

Նշենք նաեւ, որ Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ընկերութեան անձնակազմին պաշտօնեաները Պէյրութի միջազգային օդակայան փոխադրուած են: Այս մասին տեղեկութիւնները փոխանցուած էին քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին կողմէ:

Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն հարցով, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին համաձայն, Թուրքիա Իրանէն պահանջած է միջամտել եւ նպաստել առեւանգուած թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը ազատ արձակելու համար:

ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ նախանցեալ երեկոյեան «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած լուրերուն համաձայն, Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած ինը լիբանանցիները փոխադրուած են Քիլիս քաղաքը:

Share this Article
CATEGORIES