Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Քրտական Պատուիրակութիւն Մը
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քիւրտ բարեսիրական կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` Պահա Հասսանի նախագահութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի հանրային-հասարակական կեանքին մէջ քրտական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ եւ քիւրտ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ շրջանային զարգացումները եւ անոնց անդրադարձը քրտական հարցին վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

