Զուիցերիա Պիտի Աշխուժացնէ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ուղղուած Ջանքերը

Ազրպէյճանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Փասքալ Օպիշեր յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ընթացքին Զուիցերիա պիտի աշխուժացնէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը: Ըստ անոր, բացի անկէ պիտի աշխուժանան նաեւ Եւրոպայի մէջ առկայ այլ տագնապներու լուծման ուղղուած ջանքերը:

Զուիցերիա նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ 2014 թուականին:

Ղարաբաղի հարցին յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու մասին աւելի կանուխ յայտարարած էր նաեւ Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի նախագահ Ֆիլիփփօ Լոմպարտի: «Եթէ Զուիցերիա յաջողի մեռեալ կէտէն շարժել այդ հարցը, մենք ուրախ պիտի ըլլանք», յայտնած էր ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )