Հայաստանը Եւ Զուիցերիան Պիտի Ընդլայնեն Իրենց Համագործակցութիւնը

Կասեր եւ Յովակիմեան

12 օգոստոսին Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպան Լուքաս Կասեր իր հաւատարմագիրներու պատճէնը յանձնեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեանին:

Շնորհաւորելով դեսպանը իր նշանակման առիթով` փոխնախարար Յովակիմեան յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ յոյս յայտնեց, որ ան իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ տարբեր մարզերուն մէջ հայ-զուիցերիական համագործակցութեան զարգացման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-զուիցերիական երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Գոհունակութեամբ նշուեցաւ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ կարեւոր նկատուեցաւ առկայ համագործակցութեան շարունակական ընդլայնումը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային կառոյցներուն մէջ հայ-զուիցերիական համագործակցութեան, մասնաւորաբար` 2014 թուականին ԵԱՀԿ-ի մէջ Զուիցերիոյ ստանձնելիք նախագահութեան եւ այդ շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութեան: Կողմերը ընդգծեցին մշակոյթի մարզին մէջ կապերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը` այդ նպատակով օգտագործելով նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան բեմը:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ զարգացման եւ համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ 25 տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրին համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )