Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութեան Հայերը Լաւ Արդիւնքներ Կ՛արձանագրեն

Լեւոն Արոնեան

Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին հայազգի ճատրակ խաղացողները բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին:

Հայաստանը ներկայացնող խաղացողներէն աշխարհի թիւ 2 Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ իր երթը` պարտութեան մատնելով Միխայիլ Մալքովը: Միւս կողմէ, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին: Սակայն Վլատիմիր Յակոբեան պարտութիւն մը կրեց Տրուոնք Սոն Նկույենէն:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ, եւ անոր կը մասնակցին 128 ճատրակ խաղացողներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )